Կամէյրօ Կը Միանայ Սեւիլլայի

Քեվին Կամէյրօ

Երէկ սպանական Սեւիլլա ակումբի մարզական տնօրէն Ռամոն Վերթեկօ յայտնեց, որ ֆրանսացի Քեվին Կամէյրօ Ֆրանսայի մայրաքաղաքի խումբը` Փարիզ Սեն Ժերմենը լքելով միացաւ սպանական Սեւիլլա ակումբին` հինգ տարուան պայմանագիրով: Այս փոխանցումը Սեւիլլային արժած է ութ միլիոն եւրօ, նաեւ յաւելեալ երկու միլիոն` ապագային խաղացողին ցուցաբերած արդիւնքներուն համեմատ: Աւելի ուշ այս լուրը հաստատեց նաեւ ակումբին պաշտօնական կայքէջը:

Կամէյրօ Սեւիլլայի խումբին մէջ պիտի փոխարինէ Ալվարօ Նեկրետոն, որ անցեալ շաբաթ միացաւ անգլիական Մանչեսթըր Սիթի ակումբին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )