Հայաստանի Ազատ Ոճի Ըմբշամարտի Հաւաքականը Կը Պատրաստուի Ստեփան Սարգսեանի Անուան Մրցաշարքին

Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արայիկ Բաղդադեան PanArmenian.Net լրատուական կայքէջի թղթակիցին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, թէ  հաւաքականը կը պատրաստուի Ստեփան Սարգսեանի անուան մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ Վանաձորի մէջ 2-էն 4 օգոստոս:

Ան աւելցուց, որ իրենց հետ միասին կը մարզուին նաեւ Խըրխըզիստանի, Ուզպեքիստանի եւ Միացեալ Նահանգներու հաւաքականները` նկատել տալով միաժամանակ, որ այս տարուան մրցաշարքին կը մասնակցին շատ զօրաւոր մարզիկներ, որոնց մեծամասնութիւնը ոսկի մետալներ շահած են Ողիմպիական եւ աշխարհի ախոյեանութեան խաղերուն:

Ան իր խօսքի աւարտին նշեց, որ այս մրցաշարքէն ետք է, որ պիտի հրապարակէ հաւաքականի կազմը, որ 16-22 սեպտեմբերին Պուտափեշտի մէջ կայանալիք աշխարհի ախոյեանութեան պիտի մասնակցի:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )