Մարթինօ Կը Նշանակուի Պարսելոնայի Մարզիչ
Պարսելոնայի պաշտօնական կայքէջը հաստատեց, որ ակումբի նոր մարզիչի պաշտօնը կը ստանձնէ արժանթինցի Կերարտօ Մարթինոն:
50 տարեկան Մարթինօ երկու տարուան պայմանագիր մը ստորագրեց Պարսելոնայի հետ:
Ան ճանչցուած է «Թաթա» անունով, եւ Լիոնել Մեսսիի նման նոյն Ռոզարիօ (Արժանթին) շրջանէն է:
Ան իր ասպարէզին մէջ բաւական փայլուն արդիւնքներ ձեռք ձգած է` արժանթինեան Նուելզ Օլտ Պոյզին հետ հասնելով Քոփա Լիպերթատորեսի կիսաւարտական հանգրուան եւ Փարակուէյի ազգային հաւաքականին հետ` 2010-ի Մոնտիալի քառորդ աւարտականի հանգրուան:
Անհրաժեշտ է նշել նաեւ, որ ան Պարսելոնայի պատմութեան մէջ պիտի դառնայ չորրորդ արժանթինցի մարզիչը` Ռոքէ Օլսոնէն, Հելենիօ Հերերայէն եւ Սեզար Լուիս Մենոդիէն ետք:
Ան միշտ կ՛ըսէ, թէ Պարսելոնայի խաղացած խաղը իր նախասիրածն է, որովհետեւ իր կարծիքով, այդ ակումբին մէջ յարգուած է գնդակը, հիանալի խաղարկութիւն կը կատարուի եւ իրեն համար լաւ խաղարկութիւնը ֆութպոլի սկիզբն ու վերջն է:


