Լիսանտրօ Լոփեզ Կը Ցանկայ Լքել Լիոնը
Ֆրանսական «Լ՛Էքիփ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Լիոնի արժանթինցի յառաջապահ Լիսանտրօ Լոփեզ յոյսով է, որ այս տարեշրջանը չսկսած լքէ իր ակումբը:
Հաւանական տարբերակներէն մէկը Լիսանտրոյի համար վերադարձն է իր ծննդավայր Արժանթին:
Լիոն չի ցանկար բաժնուիլ իր խաղացողէն, որ 2009-էն մաս կը կազմէ ակումբին, սակայն անոր տարեկան աշխատավարձը, որ կը հասնի մինչեւ 3,6 միլիոն եւրոյի, պատճառ պիտի դառնայ, որ Լիոն հրաժեշտ տայ Լոփեզին:
CATEGORIES Մարզական