Ճատրակի Եւրոպայի Կիներու Ախոյեանութիւնը
ԵրԷկ` երեքշաբթի, 23 յուլիսին, Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ սկսաւ ճատրակի Եւրոպայի կիներու 14-րդ անհատական ախոյեանութիւնը, որ պիտի տեւէ մինչեւ 3 օգոստոս:
Այս մրցաշարքին Հայաստան կը մասնակցի չորս մարզիկներով, որոնցմէ երեքը կրանտմասթըրներ են` Լիլիթ Գալոյեան, Լիլիթ Մկրտչեան եւ Մարիա Քուրսովա, իսկ միւս չորրորդը միջազգային վարպետ է` Աննա Հայրապետեան:
Պէտք է նշել, որ ուրիշ հայուհի մըն ալ` Ալինա Բալայեան, որ նաեւ միջազգային վարպետ է, պիտի մասնակցի այս մրցաշարքին, սակայն Ռուսիոյ դրօշին տակ:
CATEGORIES Մարզական