Շիրակ Մեկնեցաւ Սերպիոյ Մայրաքաղաք
Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Շիրակ մեկնեցաւ Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատ:
Այսօր` չորեքշաբթի, 24 յուլիսին, Շիրակ կը մրցի Սերպիոյ ախոյեան Փարթիզան Պելկրատի դէմ: Յիշեցնենք, որ երթի մրցումին արդիւնքը 1-1 էր, եւ այսօրուան արդիւնքին համաձայն պիտի որոշուի յաղթական խումբին անունը, իսկ վերջինս «Չեմփիընզ Լիկ»-ի երրորդ հանգրուանի զտումի մրցումներուն պիտի հասնի:
Հայկական պատուիրակութիւնը Սերպիա մեկնեցաւ խումբին նախագահ Արման Սահակեանի գլխաւորութեամբ:
Մարզիչ Վարդան Բիչախչեան այս խաղին համար ընտրած է 18 խաղացողներ, որոնք հետեւեալներն են.
Բերդապահներ.- Արթուր Յարութիւնեան եւ Նորայր Աբրահամեան:
Յետսապահներ.- Տիտիէ Պորիս, Սամուէլ Կիերէ, Գէորգ Յովհաննիսեան, Արուան Դաւոյեան, Արտեոմ Միքայէլեան:
Միջնապահներ.- Տիգրան Դաւթեան, Կարէն Ալեքսանեան, Կարէն Մուրատեան, Ճորճ Օտիամպօ, Արա Մկրտչեան, Էդուարդ Փանոսեան, Ժաքոպ Ապաու, Դաւիթ Յակոբեան:
Յառաջապահներ.- Ֆոֆանա Փեկօ, Անդրանիկ Բարիկեան, Տամէ Տիոփ:
Մրցումը տեղի կ՛ունենայ Փարթիզանի դաշտին վրայ (Պելկրատ) ժամը 19:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: