ՀամաՀՄԸՄ-ական 9-րդ Մարզախաղերուն Ընդգրկուած Է Ութ Մարզաձեւ
Ինչպէս յայտնի է, Երեւանի մէջ 27 յուլիսէն 3 օգոստոս տեղի պիտի ունենան ՀամաՀՄԸՄ-ական 9-րդ մարզախաղերը: Այս մարզախաղերուն ծրագիրին մէջ ընդգրկուած են ութ մարզախաղեր, որոնք հետեւեալներն են` ֆութպոլ, պասքեթպոլ, վոլիպոլ, լող, աթլեթիզմ, թենիս, փինկ փոնկ եւ ճատրակ:
Այս մարզախաղերուն կը մասնակցին տարբեր երկիրներէ եկած շուրջ 650 մարզիկներ, ինչպէս` Հայաստան, Լիբանան, Իրան, Քանատա, Սուրիա, Մեծն Բրիտանիա, Երուսաղէմ, Իրաք, Քուէյթ, Եգիպտոս, Աւստրալիա, Արժանթին եւ Ուրուկուէյ:
ՀամաՀՄԸՄ-ական քառամեայ խաղերը երկրորդ անգամն է, որ կը կայանան Երեւանի մէջ: Նախորդ մարզախաղերը հիւրընկալող երկիրներն էին Միացեալ Նահանգներ, Քանատա (իւրաքանչիւրը` երկու անգամ), Ֆրանսա, Յունաստան եւ Լիբանան (իւրաքանչիւրը` մէկ անգամ):
CATEGORIES Մարզական