Լիբանանի Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնի Նախագահ Վաչէ Ծատուրեան Այցելեց Հեծելարշաւի Համաշխարհային Ֆետերասիոնի Կեդրոնատեղի

Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամ Վաչէ Ծատուրեան երկուշաբթի, 15 յուլիս 2013-ին, Զուիցերիոյ Էկըլ քաղաքին մէջ այցելեց Հեծելարշաւի համաշխարհային ֆետերասիոնի կեդրոնատեղի եւ հանդիպում մը ունեցաւ նախագահ Փաթ ՄաՔուէյտի հետ: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ քննարկելու Լիբանանի մէջ հեծելարշաւի մարզը հետաքրքրող շարք մը հարցեր, որոնք նոյնպէս դարձան քննարկումի առարկայ` օրուան ընթացքին գումարուած շարք մը առանձին հանդիպումներուն:

Արդարեւ, Վաչէ Ծատուրեան Հեծելարշաւի միջազգային կեդրոնի նախագահ Ֆրետերիք Մանիէի հետ իր տեսակցութեան ընթացքին արծարծեց կարելիութիւնները աջակցելու լիբանանցի հեծելանւորդներու, որպէսզի անոնք կարենան իրենց մասնակցութիւնը բերել Ֆրանսախօս երկիրներու խաղերուն, որոնք տեղի պիտի ունենան Ֆրանսայի Նիս քաղաքին մէջ` 7-էն 15 սեպտեմբերին: Ծատուրեան Մանիէի հետ նաեւ քննարկեց Ողիմպիական զօրակցութեան ծրագիրին հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ հեծելարշաւի մարզիչներու պատրաստութեան դասընթացքի մը կազմակերպման կարելիութիւնը` ընդգծելով, որ Լիբանան անցեալ տարի հիւրընկալած էր Ասիոյ Մաունթըն Պայքի ախոյեանութիւնը:

Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահը նաեւ հանդիպեցաւ Մաունթըն Պայքի պատասխանատու Վան Տէն Ապիլի հետ, որուն հետ արծարծեց հեծելարշաւի այս մարզաձեւին յաւելեալ զարգացման միջոցները: Վաչէ Ծատուրեան նաեւ յայտնեց,  որ Լիբանանի ֆետերասիոնը կը փափաքի միջազգային մակարդակի վրայ յաւելեալ մրցումներ կազմակերպել` նպատակ ունենալով յառաջիկային անգամ մը եւս հիւրընկալել ցամաքամասային ախոյեանութիւնը:

Ծատուրեան իբրեւ Լիբանանի հեծելարշաւի աղջկանց խումբի նախկին մարզիչ աւելցուց, որ պէտք է քաջալեր հանդիսանալ մասնաւորաբար Լիբանանի հեծելարշաւի աղջկանց խումբին, որուն անդամները ատակ են մրցելու եւրոպացի հեծելանւորդներու հետ: Նման ծրագիրներ արծարծուեցան նաեւ «ԵՈՒ. ՍԻ. ԱՅ.»-ի ծրագիրներու համակարգող Անտրէա Մարչելլինի հետ:

Հանդիպումներու շարքը աւարտելով` Վաչէ Ծատուրեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ «ԵՈՒ. ՍԻ. ԱՅ.»-ի իրաւարարներու համակարգող Անտիրուս Պիւվիտասի եւ «ԵՈՒ. ՍԻ. ԱՅ.»-ի ՓարաՍայքլինկի (Հաշմանդամներու հեծելարշաւի) համակարգող Քրիսթոֆր Շեզէոյի հետ: Քննարկումները կեդրոնացան Իրաւարարներու պատրաստութեան եւ Լիբանանի մէջ ՓարաՍայքլինկի զարգացման հեռանկարներուն վրայ:

Նշենք, որ յառաջիկայ սեպտեմբերին Իտալիոյ մէջ տեղի պիտի ունենան Հեծելարշաւի համաշխարհային ֆետերասիոնի ընտրութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )