Բարոյագիտական Նշմար. Երախտագիտութեամբ Եւ…

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Գեղեցիկ եւ պատուական բառ մըն է երախտագիտութիւնը, որ անձի մը նկարագիրը կը փայլեցնէ: Հականիշը այս բառին` ապերախտութիւնն է, որմէ վարակուած անձէն հարկ է զգուշանալ:

Բարոյականութեան դաս տալ չէ մեր նպատակը, մեր գործը չէ այդ, բայց երբ մեր շուրջը կը տեսնենք ապերախտ անձեր, կը ցաւինք, կը զարմանանք, երբ իրագործուած եւ ստացուած բարիքներուն փոխարէն` կ՛ըլլանք երախտամոռ: Կը զարմանանք նոյնպէս, թէ մօտիկ անցեալին մարդիկ աւելի պարկեշտ էին, երախտագէտ էին, իրենց ստացած բարիքը կ՛ուզէին փոխադարձել կերպով մը, եթէ չկարենային, գէթ կ՛արտայայտուէին շնորհակալական խօսքերով:

Մեր ընկերային կեանքին մէջ ներկայիս «զարգացած» է երախտագիտութեան մոռացումը: Օրինակի համար, փոխ դրամ կը տրուի կարիքաւորի մը խնդրանքին ընդառաջ` իբրեւ ընկերային-մարդկային պարտականութիւն:

Երկար ժամանակ կ՛անցնի, գումարը ստացողը մոռնալ կը ձեւացնէ, իսկ երբ պահանջուի գումարը, մերժողական պատասխան կը տրուի: Չունիմ… Պահանջատէրը կ՛ակնկալէ, որ քաղցր խօսք մը լսէ, ընդհակառակը` կը լսէ անհամ եզրակացութիւն մը. չունիմ, ի՛նչ կրնաս ընել, ըրէ՛…

Այլ օրինակ

Երկար տարիներ հաստատութեան մը մէջ ծառայած անձ մը կը հիւանդանայ, անգործութեան կը մատնուի, վիճակը կը ծանրանայ: Հիւանդը կը սպասէ հիւանդտես այցելուներու, որոնց թիւը շատ քիչ է, քանի մը այցելութիւն` մխիթարական խօսքերով: Տակաւին երիտասարդ տարիքի հիւանդը գոհ է, որ այցելուներ ունի, նոյն ատեն կ՛ընդվզի այն բարեկամներուն կամ իր աշխատած հաստատութեան գործակիցներուն վերաբերումին համար, որոնք ոչ իսկ հեռաձայնային կապ մը կը հաստատեն` որպիսութիւն հարցնելու:

Հիւանդը կը վերյիշէ իր աշխատած հաստատութեան մէջ իր նուիրեալ աշխատանքը, գործակիցները, իր պարտականութենէն դուրս կատարած «սեւ աշխատանքները», կ՛ափսոսայ, բանաձեւում մը սրտին մէջ ու շրթներուն վրայ:

– Այսքան ապերախտութիւ՜ն…

Քանի մը օրինակով ուզեցինք ըսել, թէ մեր հայկական ընկերային կեանքին մէջ բարոյական զգացողութեան վերաբերեալ մեծ անտաբերութիւն կայ: Արժէքները գնահատելը մոռցած ենք, կ՛օգտագործենք օգտագործելի որեւէ բան, անձ ըլլայ թէ անոր փոխանցած ծառայութիւնը, անարժէքին կու տանք արժէք, կեղծիքը սկզբունքի վերածած ենք, ամչնալը թերութիւն կը նկատենք, անպատկառութիւնը` համարձակութիւն, խաբելը` ճարպիկութիւն: Ո՞ւր են մեր փնտռած արժէքները: Կը սիրենք օգտուիլ, բայց կը խուսափինք օգտակար ըլլալէ: Կը ծուլանանք, բայց աշխատողին կը ծիծաղինք: Ուրիշին հարստութիւնը կը հաշուենք, բայց մեր մատը չենք շարժեր ճակտի քրտինքով աշխատանք մը կատարելու:

Ցաւ ի սիրտ կ՛արձանագրենք նման թերութիւններ: Այս կը նշանակէ, որ հայկական մեր ընկերային կեանքին մէջ խաթարուած գիծ մը կայ, որ պէտք է ջնջուի: Տեղական, դրացի ժողովուրդներու մէջ տեսնուած բացասական  երեւոյթները ընդօրինակելը հայուն վայել չէ: Վերադառնանք մեր արմատներուն մաքրութեան, որպէսզի մեր տոհմին ծառերուն ճիւղերը ըլլան առողջ, միշտ դալար, որպէսզի անոնց շուքին կարենանք ապահով եւ ճշմարիտ կեանք մը ապրիլ:

Կաթիլ Մը Արիւն

Բարեգործութիւնը բարոյական արժանիք մըն է, որ կ՛արտայայտուի տարբեր ձեւերով: Մէկը դրամական նուիրատուութեամբ, ուրիշ մը խնամատարական հոգածութեամբ, երրորդ մը հիւանդին օգնութեան փութալով, մխիթարելով: Բարեգործութեան իւրայատուկ արարք մըն է արիւն տալը` վիրահատութեան ենթարկուող հիւանդին, կամ արեան տկարութենէ տառապողին: Ձայնասփիւռէն յաճախ կը լսենք արեան կարիքի ծանուցումներ: Երիտասարդներու վեհանձնութեան եւ բարեսրտութեան կ՛ապաւինի հիւանդը` փրկութիւն ունենալու համար:

«Կաթիլ մը արիւնը կրնայ կեանք մը փրկել» բացատրութիւնը արեան տուչութիւն կատարողին սրտին ու խղճին խօսող կանչ մըն է: Երանի անոնց, որոնք կը հնազանդին իրենց խղճի թելադրանքին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES