Խուճապի Մասին Խօսող Կար, Հիմա՞, Կեղծիքի Իմաստութեամբ Կը Լռենք

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Հայկ մասնագիտական բառերով կը պարզէր խնդիրը` գիտական անկիւնէն քննուած: Որեւէ ծառ իր լաւագոյն պտուղը պէտք էր տար. սա բացայայտ ճշմարտութիւն էր: Ոեւէ մարդ իր կեանքին լաւագոյն պտուղը կու տայ ի՛ր ազգութեան պատկանելով, իր ցեղի լեզուն խօսելով, իր պապերու Աստուածին հաւատալով: Ուղեղային ծալքերու, ներքնածոր գեղձերու ինչ-որ բնախօսական տուեալներ գոյութիւն ունին, որով մարդը իր արտայատութեան հուսկ լրումին կը հասնի, ժառանգական պայմաններու զարգացումովը միայն:

– Մի խօսքով, ինչ որ հայկական չի, իշական է,- եզրակացուց:

Օրիորդ Կէօլճիւքիէֆ համաձայն չէր: Ես ինքզինքս բոլորովին ֆրանսացի կը զգամ, յայտարարեց, եւ կը պատկանիմ ֆրանսական պաշտօնատարութեան: Մինչդեռ եթէ հայ ըլլայի կամ հայերէն խօսէի, շատ նուազած պիտի ըլլայի:

Հրաչ Զարդարեան, «ՈՐԲԱՑՈՂ ՄԱՐԴԻԿ»
1953, Փարիզ, էջ 66

Հրաչ Զարդարեան, նուազ ծանօթ անուն, բաղդատած` Շահան Շահնուրի, վաթսուն տարի առաջ լոյս տեսած իր «Որբացող մարդիկ» վէպով, «սփիւռքեան կացութիւն»ը համապարփակ կերպով պատկերացնելու միտող, կը ներկայացնէր մշակութային, լեզուական, բարքերու եւ շրջապատին մէջ լուծուելու պատկերներով բազմերես «Նահանջ»-ը:

Գրեթէ ընկերային վերլուծումներու թատրոն մը:

«Նահանջ»-ը, որ կը շարունակուի տարերային թափով:

Շահան Շահնուր կամ Հրաչ Զարդարեան ազգի խուճապային թափահարումներուն մասին երէկ կը խօսէին:

Երբ կը խօսուի հարցերու մասին, կը նշանակէ, որ գիտակցութիւն կայ, նոյնիսկ` վերականգնելու ցանկութիւն: Ի՞նչ եզրակացնել, երբ չի խօսուիր: Եղած նուազագոյնը եւ նուազողը  փրկելու թափահարում, կամ ինքնարդարացում, աւերներու դարման չեն, ընդհակառակն, կը քանդեն յոյսը, վերականգնելու համար անհրաժեշտ կամքը եւ ուժականութիւնը:

Հին եւ նոր «սփիւռքներ»-ը, ուր որ ալ գտնուին անոնք, կը տատանին «Հայկ»-ի եւ «օրիորդ Կէօլճիւքիէֆ»-ի միջեւ ձգուած պարանի ճօճուող կամուրջին վրայ: Հրաչ Զարդարեանի վէպը հարցադրումը ըրած էր, բայց ո՞վ ժամանակ պիտի տրամադրէր ընթերցանութեան այդ օրերուն, ո՞վ այսօր ժամանակ կը տրամադրէ բաբախելու համար ժողովուրդներու խիղճը հանդիսացող մտաւորականութեան հետ, գրողներ, հրապարակագիրներ: Տատանող կամուրջին վրայէն դէպի «Օրիորդ Կէօլճիւքիէֆ» վազող զանգուածը տեւաբար կ’աճի, «Հայկ»-ը լսողները կը նուազին:

Ինչպէ՞ս «Օրիորդ Կէօլճիւքիէֆ»-ականները արթնցնել, որպէսզի անոնք իրենց ստորակայութեան ախտէն դարմանուէին եւ այլեւս չըսէին. «Ես ինքզինքս բոլորովին ֆրանսացի կը զգամ, յայտարարեց, եւ կը պատկանիմ ֆրանսական պաշտօնատարութեան: Մինչդեռ եթէ հայ ըլլայի կամ հայերէն խօսէի, շատ նուազած պիտի ըլլայի»: Հրաչ Զարդարեանի հերոսուհին Ֆրանսա կը բնակի, նմանօրինակ պատասխան պիտի տար, եթէ բնակէր այլ երկինքներու տակ: Նոյն ախտն է, որ կը կրծէ հայկական ընկերութիւնը: Այս ախտաճանաչումը ընելէ ետք, իր անուան արժանի ղեկավարութիւնը պէտք է գիտնայ գործել առանց սպիտակ ձեռնոցներու, առանց տուրք տալու «էսթեպլիշմընթային» ճահճացումներու:

Ո՞ր հեռանկարին պիտի ծառայեն, կը ծառայեն, հայկական համարուած նախաձեռնութիւնները, եթէ անոնք պիտի շարունակեն արտադրել իրենց քաղաքացիի վիճակէն գոհ «Օրիորդ Կէօլճիւքիէֆ»-ներ: Առանց յոռետեսութեամբ մեղադրուելու, կը համարձակի՞նք հարցնելու, թէ մեր ժողովուրդի կէսէն աւելի սփիւռք(ներ)ի ո՞ր տոկոսը «Օրիորդ Կէօլճիւքիէֆ» դարձած է, Փարիզ կամ Լոս Անճելըս, Սիտնի կամ Պէյրութ: «Օրիորդ Կէօլճիւքիէֆ»-ով ազգի ո՞ր շարունակութիւնը կ’ապահովուի: Տպաւորիչ եկեղեցական, կրթական կամ ակմբային համալիրներ կառուցողներ, երբ զանոնք պիտի բնակեցնեն «Օրիորդ Կէօլճիւքիէֆ»-ներով, ո՞ւր պիտի առաջնորդեն ազգը եւ անոր հատուածները:

Կը պատահի՞, որ «Հայկ»-ը հրաւիրուի որոշում կայացնողներու ժողովներուն, իրենց զաւակները օտար վարժարաններու (չ)խնամքին յանձնող հին եւ նոր, մեծ ու պզտիկ քաղքենիներ կը պատահի՞, որ զրոյցի նստին «Հայկ»-ի հետ, օտարախօսներ արտադրող հայ դպրոցներու պատասխանատուներ, օտարագիր հայածնունդներ կը լսե՞ն «Հայկ»-ը, երբ ան կ’ըսէ. «Ոեւէ մարդ իր կեանքին լաւագոյն պտուղը կու տայ ի՛ր ազգութեան պատկանելով, իր ցեղի լեզուն խօսելով, իր պապերու Աստուածին հաւատալով: Ուղեղային ծալքերու, ներքնածոր գեղձերու ինչ-որ բնախօսական տուեալներ գոյութիւն ունին, որով մարդը իր արտայատութեան հուսկ լրումին կը հասնի, ժառանգական պայմաններու զարգացումովը միայն»:

«Հայկ»-ի հականահանջական ահազանգային մտածումը այսօր աւելի քան այժմէական է: Այլազան «ղեկավարութիւններ»-ը այդ ահազանգը իրենց օրակարգին վրայ արձանագրա՞ծ են: Տակառային աղմուկի երգիչներով լեցուող սրահներուն մէջ գինովցողները «Հա՞յկ»-ը կը լսեն, թէ՞ «Օրիորդ Կէօլճիւքիէֆ»-ը: «Օրիորդ Կէօլճիւքիէֆ»-ի հետեւորդներուն առջեւ կարմիր գորգ փռողներ ո՞ր ազգային հեռանկարին կը ծառայեն: Ինչո՞ւ չենք ուզեր տեսնել, որ «ծագումով հայ» ըլլալու կարծեցեալ իմաստութիւնը վերջնական անհետացման ճամբան կը հարթէ, կուշտ ըլլալու երջանկութեան համար:

«Օրիորդ Կէօլճիւքիէֆ»-ի (չ)իմաստութիւնը կը դատարկէ հայ դպրոցները, մեր եկեղեցիներուն մէջ Աստուծոյ խօսքը կը բերէ Բաբելոնէն ժառանգուած տարբեր լեզուներով, կը դատարկէ Հայաստանը չվերադառնալու համար գաղթող երամներով:

Ինչպէ՞ս պիտի մեռցնենք մեր հոգիներուն մէջ խլիրդի պէս հաստատուած «Օրիորդ Կէօլճիւքիէֆ»-ը, որպէսզի այլեւս դադրինք հպարտանալէ, որ հայածնունդ մարդը անգլիացէն լաւ կը խօսի Շէյքսփիրի լեզուն, արաբէն լաւ կը խօսի Մութանէպպիին լեզուն, ֆրանսացի ակադեմիկոսէն լաւ կը խօսի ֆրանսերէնը: Իսկական փրկութիւնը պիտի չգա՞յ այն օրը, երբ ըսենք, որ «Օրիորդ Կէօլճիւքիէֆ»-ներ աւելի լաւ հայերէն կը խօսին, քան` Յակոբ Կարապենցը կամ Համաստեղը:

Հարցում էր: Ուղղուած մեծերուն, մեծատուներուն, փոքրերուն եւ համեստներուն:

Տրուած պատասխանէն պէտք է չափել եւ չափուիլ «Օրիորդ Կէօլճիւքիէֆ»-ի կամ «Հայկ»-ի կանգունով:

Այս ընել` առանց ճապկումներու եւ սեթեւեթի… եթէ դեռ այդ ընելու առաքինութիւնը ունինք:

 

Պուրճ Համուտ

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES