Ականջը Եւ Իր Դերակատարութիւնը

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Ականջը մեր մարմնին մէկ անբաժան մասն է եւ ունի երկու կենսական դերակատարութիւններ` լսողութիւն եւ մարմնի հաւասարակշռութեան պահպանում:

Ականջը կազմուած է երեք մասերէ` արտաքին ականջ, միջին ականջ եւ ներքին ականջ:

Ականջը յաճախ կոչուած է` լսողական օրկան:

Լսողական օրկանը կազմուած է երկու հիմնական բաժիններէ ` բեւեռային բաժին եւ կեդրոնական բաժին:

Ականջը իր ամբողջութեան մէջ, այսինքն` ականջի արտաքին, միջին եւ ներքին բաժինները կը ներկայացնէ լսողական օրկանի բեւեռային բաժինը: Անիկա սերտ կապակցութիւն ունի ուղեղին հետ:

Կեդրոնական բաժինը կազմուած է լսողական ջիղէ, որ հաւասարակշռութեան ջիղին հետ դուրս ելլելէ ետք, ներքին ականջէն կ՛ուղղուի դէպի ուղեղ: Անիկա ունի շատ մը նեարդային կապեր ուղեղի զանազան կեդրոններուն հետ:

Արտաքին ականջը կազմուած է ականջակոնքէ եւ կամ ականջախեցէ եւ արտաքին լսողական անցուղիէ եւ կամ ցնցուղէ,: Ականջակոնքի ստորին բաժինը կը կոչուի ականջի բլթակ, որ կակուղ եւ փափուկ է: Արտաքին լսողական անցուղին ունի 25-28 մմ երկարութիւն. անոր արտաքին երկու երրորդ մասը կռճիկային հիւսուածքէ շինուած է, իսկ ներքին մէկ երրորդ մասը ոսկրային է: Այս անցքին պատերը ծածկուած են մաշկով մը, որ հարուստ է ճարպ եւ ականջածծումբ արտադրող գեղձերով. արտադրուած ճարպը կը կոչուի գէջ: Արտաքին ականջը կը վերջանայ բարակ եւ մասամբ մը թափանցիկ թմբկաթաղանթով, որ ունի 9 քառակուսի մմ տարածութիւն եւ 0.1 մմ հաստութիւն: Թմբկաթաղանթը բաղկացած է երեք շերտերէ:

Միջին ականջը կազմուած է թմբկախոռոչէ եւ լսափողէ, որ կը կոչուի  եւստաքեան խողովակ. անիկա 3.5 սմ երկարութեամբ բարակ եւ առաձգական խողովակ մըն է եւ կը բացուի քթաըմբանին (nasopharynx) մէջ: Թմբկախոռոչը լեցուն է օդով, անիկա ետեւի կողմէն հաղորդակցութեան մէջ է քունքոսկրի  պտկաձեւ ելուստի օդակիր պզտիկ խոռոչներուն հետ: Լսափողը  բնական պայմաններու մէջ շարունակ հաղորդակցութեան մէջ կը մնայ արտաքին աշխարհին հետ քթաըմբանին միջոցաւ, բացի` քիթի եւ քթաըմբանի բորբոքումներու, ինչպէս նաեւ կլլելու գործողութեան պարագային: Լսափողը կ՛օդաւորէ միջին ականջը եւ կը նպաստէ միջին ականջի հեղուկին արտաքսումին` դէպի քթաըմբան: Թմբկախոռոչին արտաքին պատն է թմբկաթաղանթը, իսկ անոր ներքին պատին վրայ կան երկու պզտիկ բացիկներ կամ պատուհաններ, որոնք կը կոչուին ձուաձեւ պատուհան եւ կլոր պատուհան: Թմբկախոռոչին մէջ կը գտնուին լսողական երեք ոսկրիկները, որոնք կը կոչուին` մուրճ, սալ եւ ասպանդակ: Երեք ոսկրիկները միացած են իրարու շարժական յօդերով: Մուրճը առաջին ոսկրիկն է եւ նստած է թմբկաթաղանթին վրայ, իսկ ասպանդակը երրորդ ոսկրիկն է եւ նստած է ձուաձեւ պատուհանին վրայ, որ սկզբնաւորութիւնն է ներքին ականջին: Թմբկախոռոչը կը պարունակէ նաեւ երկու պզտիկ մկաններ, որոնք կը գործեն երեք ոսկրիկներուն հետ եւ կը հակակշռեն միջին ականջ հասնող զօրաւոր ձայները. անոնք կը կծկուին նաեւ երգելու, ձայնամարզութեան եւ ձիւթ ծամելու ընթացքին: Թմբկախոռոչին մէջ կը գտնուի նաեւ «քորտա թիմբանի» ջիղը, որ կապակցութիւն ունի ենթածնօտային եւ ենթալեզուային լորձնաբեր գեղձերուն հետ: Դէմքի ջիղը ուղեղէն դուրս ելլելէ ետք կ՛անցնի թմբկախոռոչին ստորին պատին մէջէն. որեւէ մէկ միջին ականջի բորբոքում կրնայ իր ժխտական անդրադարձը ունենալ դէմքի ջիղին վրայ եւ յառաջացնել դէմքի մասնակի կամ ամբողջական անդամալուծութիւն:

Ներքին ականջը բարդ կառուցուածք մըն է եւ անոր համար կը կոչուի բաւիղ-լաբիւրինթոս: Անիկա կազմուած է ոսկրային եւ թաղանթային բաժիններէ: Ոսկրային բաւիղին մէջ կը գտնուի թաղանթային բաւիղը: Երկու բաւիղներուն միջեւ եղած տարածութիւնը լեցուն է արտաքին աւիշով, իսկ թաղանթային բաւիղը լեցուն է ներքին աւիշով: Ներքին ականջը կազմուած է անդաստակէ, խխունջէ եւ երեք կիսաբոլոր խողովակներէ: Խխունջը ինքնիր վրայ պարուրուած է 2.5 անգամ եւ ան իր կարգին կազմուած է ոսկրային եւ թաղանթային հատուածներով. թաղանթային բաժնին  մէջ կը գտնուի լսողական «քորթեան օրկան»-ը (organ of corti), որ ծածկուած է տարբեր երկարութեամբ եւ հաստութեամբ շուրջ 30000 լարերով, որոնց վրայ կը գտնուին ձայնազգաց թելանման մազային եւ յենարան բջիջները. այս բջիջներու միացումով կը կազմուին լսողական ջղական թելիկները, որոնց միացումով կը կազմուի լսողական ջիղը: Բարձր ձայները կ՛ընկալուին խխունջի յատակի լայն բաժինէն, իսկ մեղմ ձայները կ՛ընկալուին խխունջին գագաթի բաժինէն:

Կիսաբոլոր խողովակները, իրենց շարուածքին համաձայն, կը կոչուին` վերին, յետին եւ ուղղաձիգ կիսաբոլոր խողովակներ. անոնց մէջ զետեղուած են թելանման բջիջներ, որոնք մարմնի շարժման ուղղութիւնը եւ արագութիւնը փոխուելու միջոցին կը գրգռուին. ասոնք հաւասարակշռութեան ջիղի նախնական բջիջներն են: Այս բջիջներու միացումով կը կազմուի հաւասարակշռութեան ջիղը, որ, միանալով լսողական ջիղին, կ՛ուղղուի դէպի ուղեղ: Կիսաբոլոր խողովակները ուղեղին կը հայթայթեն որոշ տեղեկութիւններ` մարմնի դիրքին, կացութեան եւ գլխու շարժումներուն մասին. հետեւաբար ուղեղը կ՛որոշէ համադրել մարմնին յարմարագոյն ձեւը եւ հաւասարակշռութիւնը: Կիսաբոլոր խողովակներուն կ՛օժանդակեն անդաստակին մէջ գտնուող 2 պզտիկ «saccule» եւ «utricle» տոպրակները, որոնք  բարակ անցքերով կը միանան խխունջին եւ կիսաբոլոր խողովակներուն: Անոնք կը պարունակեն յատուկ մազային բջիջներ, որոնք կը նշմարեն գլխու հորիզոնական եւ ուղղաձիգ շարժումները. հոն կը գտնուին նաեւ կրակիրային բիւրեղներ եւ ցպիկներ, որոնք  յաճախ կը տեղափոխուին կիսաբոլոր խողովակներուն մէջ եւ կը յառաջացնեն գլխապտոյտ:

Ծանօթանալէ ետք ականջին եւ լսողական օրկանին կազմախօսութեան, կարելի կ՛ըլլայ հասկնալ լսողութեան գործելակերպը: Բնախօսականօրէն ականջը ունի ձայն կամ հնչիւն հաղորդող եւ ընդունող  բաժիններ: Ականջի արտաքին եւ միջին բաժինները հաղորդիչ մասերն են, իսկ ներքին բաժինը` հնչիւն ընկալող մասն է:

Արտաքին աշխարհէն թմբկաթաղանթին հասնող ձայնային ալիքները, այլ խօսքով` ձայնային ուժը կը փոխուի մեքենական ուժի. թմբկաթաղանթը կը շարժի` իրեն հետ շարժելով երեք ոսկրիկներու շղթան. ասպանդակը կը խրուի ձուաձեւ պատուհանին մէջ եւ կը փոխանցէ հնչիւնը ներքին ականջի ականջաջուրին, որ իր կարգին շարժման կ՛ենթարկէ լսողական ջիղի յենարան եւ մազային բջիջները: Հոս է, որ մեքենական ուժը կը փոխուի ելեկտրական ուժի եւ ձայնային ալիքները իբրեւ ելեկտրական ուժ` կ՛ուղղուին դէպի ուղեղ:

Բնական լսողութիւն ունենալու համար պէտք է ունենանք ականջի բնական ձեւով գործող արտաքին, միջին եւ ներքին բաժիններ, առանց որեւէ ձայնի փոխանցման եւ ընկալման արգելքներու, ինչպէս նաեւ` բնական ուղեղային կառուցուածք ու գործելակերպ:

Բարձր հնչիւնները ներքին ականջ կը հաղորդուին նաեւ գանկի ոսկորներուն միջոցով:

Լսողութիւնը կը չափուի լսելաչափով (audiometer): Այս քննութեամբ կարելի է գիտնալ անհատի մը լսողական կարողութիւնը «տեսիպել»-ով (db):

 

 

Share this Article
CATEGORIES