Գաղութէ Գաղութ
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Վրաստան
Տոլմայի Փառատօն
Հովանաւորութեամբ վիրահայոց թեմին, նախաձեռնութեամբ Վրաստանի հայ կիներու «Շուշանիկ» միութեան, աջակցութեամբ «Հայարտուն» կեդրոնին, 30 յունիսին վիրահայոց թեմի Թիֆլիսի Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցաւ ազգային կերակրատեսակի` «Տոլմա-2013» փառատօն-մրցոյթը:
Սեղաններուն վրայ տեղ գտած էին հայ կիներու կողմէ պատրաստուած տոլմայի շուրջ 15 տարատեսակներ: Փառատօն-մրցոյթին նպատակն էր ազգային կերակրատեսակներու ժողովրդականացումը եւ տարածումը:
Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեանի օրհնութենէն ետք Վրաստանի հայ կիներու «Շուշանիկ» միութեան նախագահ Սուսաննա Խաչատուրեան բացուած յայտարարեց փառատօնը: Փառատօնին ներկայ գտնուող հիւրերը, համտեսելով հայկական տոլման, բարձր գնահատեցին այս ազգային կերակրատեսակը:
Մրցոյթի առաջին երեք տեղեր գրաւողները ստացան յուշանուէրներ, իսկ բոլոր մասնակցողները` շնորհակալագրեր:
Լոնտոն
Հայկական 3-րդ Տարեկան Փառատօն
Կազմակերպութեամբ Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի մէջ հայոց առաջնորդարանին, աջակցութեամբ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, 14 յուլիսին Լոնտոնի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական 3-րդ փառատօնը:
Փառատօնի բացման հանդիսութեան ելոյթ ունեցան Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի հայոց առաջնորդ Վահան եպս. Յովհաննէսեան, Հայաստանի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Արա Մարգարեան, բրիտանական համայնքներու պալատի երեսփոխան Սթիվըն Փաունտ, եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան Չարլզ Թանաք եւ Լոնտոնի Քենսինկթոն եւ Չելսի թաղամասերու փոխքաղաքապետ Սեմ Մքովեր:
Փառատօնին առանձին տաղաւարներով ներկայացուած էին բրիտանահայ համայնքային շարք մը կազմակերպութիւններ` այցելուներուն տրամադրելով տեղակատուութիւն իրենց աշխատանքի, Հայաստանի ու Արցախի վերաբերեալ:
Միացեալ Նահանգներ
Հայ Դատի Ապագայ Ղեկավարներու
Պատրաստութեան Նոր Էջը Կը Բացուի
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին 2013-ի Ամառնային վարժողական ծրագիրը, ութերորդ տարին ըլլալով, յունիսի վերջաւորութեան սկսաւ իր աշխատանքներուն` մասնակցութեամբ հինգ երիտասարդ եւ աշխուժ գործիչներու:
Հայ դատի ապագայ ղեկավարներու պատրաստութեան կարեւոր հնոց մը հանդիսացող այս ծրագիրին 10 շաբաթներուն ընթացքին Մարիսա Պազիքեան, Անուշ Ջրբաշեան, Ստեփան Ղազիխանեան, Անի Իսայեան եւ Փոլինա Սարաֆեան պիտի ստանձնեն զանազան պատասխանատու աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ պիտի մասնակցին աշխատանիստերու եւ դասախօսութեանց` ծանօթանալու համար Հայ դատի աշխատանքներու ծալքերուն:
Պազիքեան Վարժողական ծրագիրին ընթացքին ան պիտի ստանձնէ ընդհանրապէս լրատուամիջոցներու եւ հանրային յարաբերութեանց առնչուող աշխատանքներ:
Ջրբաշեան այս վարժողական ծրագիրին մասնակցելով` կը յուսայ մօտէն ծանօթանալ տեղական մակարդակի վրայ տարուող քաղաքական գործունէութեանց:
Ղազիխանեան վարժողական ծրագիրին մասնակցելով` աւելի մօտէն պիտի ծանօթանայ իր համայնքին: Ան պիտի աշխատի նաեւ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ գոհաբանութեան շաբաթավերջին տեղի ունենալիք «Կրեսրուց» ձեռնարկներու կազմակերպման աշխատանքներուն:
Իսայեան հետաքրքրուած է Միացեալ Նահանգներ հաստատուած հայութեան փորձառութիւններու ուսումնասիրութեամբ եւ վարժողական ծրագիրին մասնակցելու որոշումը այդ մղումէն կու գայ:
Սարաֆեան Ջրբաշեանի հետ վարժողական ծրագիրին ընթացքին իր աշխատանքները պիտի կեդրոնացնէ պետական յարաբերութեանց վրայ` գործակցելով Թերեզա Երիմեանին հետ:
Յովիկ Եւ Այտա Տիմեճեանները
Արժանացած Են «Կոլտըն Ռիալթի»
Մրցանակին
Վերջերս Յովիկ եւ Այտա Տիմեճեանները արժանացան «Սենչըրի 21» կալուածներու առուծախի ընկերութեան «Կոլտըն ռիալթի» մրցանակին` իրենց քսանհինգ տարուան բացառիկ, որակեալ ծառայութեան համար:
Սեդա Խոճայեան` Կլենտէյլի Կիներու
Կարգավիճակի Յանձնախումբի Անդամ
Յունիս 25-ին Կլենտէյլի Քաղաքային խորհուրդը նշանակեց ՀՕՄ-ի «Սիփան» միութեան անդամուհիներէն Սեդա Խոճայեանը Կիներու կարգավիճակի յանձնախումբի անդամ:
Սեդա Խոճայեան իր համակարգչային ծրագրաւորողի մասնագիտական փորձը եւ տնտեսագիտական ու վարչագիտական ուսումը օգտագործած է հանգանակային ծրագրաւորումներու, դրամաշնորհներու նախագիծերու գրաւոր դիմումներու եւ նմանատիպ ձեռնարկներու համար: Ան օգտակար կը դառնայ հայկական կազմակերպութիւններուն` ապահովելով ֆինանսական միջոցներ տարբեր բարեգործական, կրթական եւ ընկերային ծրագիրներու իրագործման համար:
2008-ին պարգեւատրուած է Կլենտէյլի գոհարներու շարքին` Կնոջ քաջութեան շքանշանով, Կլենտէյլի Կիներու կարգավիճակի յանձնախումբին կողմէ:
Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութեան
«Կոմիտաս» Երգչախումբին Ելոյթը
Հովանաւորութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, 30 յունիսին, Կլենտէյլի Երիցական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց միութեան «Կոմիտաս» երգչախումբին չորրորդ տարեկան համերգը` ղեկավարութեամբ Միքայէլ Աւետիսեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Յովսէփ Թորոսեանի:
Յայտագիրը կը բովանդակէր Մ. Եկմալեանի, Ա. Աճեմեանի, Ս. Ջրբաշեանի, Խ. Աւետիսեանի, Սայաթ Նովայի, Ս. Լուսիկեանի, Խ. Աւետիսեանի, Թաթուլ Ալթունեանի, Ռ. Ամիրխանեանի, Ա. Բաբաջանեանի եւ Է. Յովհաննիսեանի ստեղծագործութիւններէն փունջ մը:
Աւարտին, առաջնորդ սրբազանը իր խօսքին մէջ վեր առաւ ձեռնարկի կազմակերպիչ միութեան այս իրագործումը, ինչպէս նաեւ` թեմին մէջ տասնամեակներէ ի վեր տարած աշխատանքը, ջատագովեց երգչախումբի բոլոր անդամ-անդամուհիներուն զոհողութիւնն ու հայ երգի ու երաժշտութեան հանդէպ անոնց ունեցած գուրգուրանքն ու նուիրուածութիւնը` մեծապէս գնահատելով խմբավար Միքայէլ Աւետիսեանին կորովը, ձիրքն ու ոգեւորութիւնը:
60-ամեակի Տօնախմբութիւն` Սաքրամենթոյի
Ս. Յակոբ Հայց. Եկեղեցւոյ
Յունիս 29-30 Սաքրամենթոյի մէջ նշուեցաւ Ս. Յակոբ Հայց. եկեղեցւոյ 60-ամեակը:
Յունիս 29-ին տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ, որուն ներկայ գտնուեցան աւելի քան 400 հիւրեր: Անոնք հաճելի յուշերով ակնարկ մը նետեցին տարիներու ընթացքին արձանագրուած յաջողութիւններուն եւ Սաքրամենթոյի ծուխի բարգաւաճման վրայ:
Ճաշկերոյթին ընթացքին թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան յատուկ յարգանքի եւ մրցանակներու արժանացուց Ծխական խորհուրդի, Տիկնանց միութեան ու շինութեան յանձնախումբին նուիրեալ անդամները, նաեւ կարգ մը այլ ծխականները` ծուխին մէջ անոնց բերած գործօն մասնակցութեան համար եւ անոնց յանձնեց օրհնութեան գիր:
Գեղարուեստական բաժնով ելոյթ ունեցաւ «Զարթօնք» պարախումբը, որ ներկայացուց աւանդական հայկական ժողովրդային պարերու փունջ մը:
Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ քաջալերեց երիտասարդները` կոչ ուղղելով անոնց հաստատ մնալու քրիստոնէական իրենց հաւատքին մէջ եւ շարունակելու Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ սրբազան աւանդութիւններուն պահպանումը:
Յունիս 30-ին առաջնորդը մատուցեց Ս. պատարագ եւ փոխանցեց օրուան պատգամը: Պատարագի ընթացքին կարդացուեցաւ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին յղած սրբատառ կոնդակը` այս առիթով:
Պատարագի աւարտին առաջնորդը թափօրով առաջնորդուեցաւ դէպի նոր շէնքին գլխաւոր մուտքը եւ օծումը կատարեց խաչքարի մը, որ առաքուած էր Հայաստանէն:
Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Թիմ Տանըլի (33-րդ ընտրաշրջանէն) փոխանցեց իր շնորհաւորական խօսքը Ս. Յակոբ Հայց. եկեղեցւոյ 60-ամեակին առիթով: Հիւրերը ստացան յիշատակելի գրքոյկ մը, որ կ՛աւետէր Սաքրամենթոյի Ս. Յակոբ Հայց. եկեղեցւոյ 60-ամեակը:
Սալբի Ագարակեան` Քալիֆորնիոյ
Լաւագոյն Հիւանդապահներու Շարքին
«Nurse.com» կայքին կատարած ուսումնասիրութեան մը համաձայն, Սալբի Ագարակեան հասաւ Քալիֆորնիոյ լաւագոյն հիւանդապահներու մրցանքի աւարտական հանգրուանը, կամաւոր սպասարկութեան բաժանմունքին մէջ, հանդիսանալով այդ պատիւին արժանացած 30 հիւանդապահներէն մէկը:
Կազմակերպութիւնը անոնց ի պատիւ կազմակերպած է հանդիսութիւն մը, որ տեղի պիտի ունենայ 23 օգոստոսին, Եունիվըրսըլ քաղաքի «Եունիվըրսըլ Հիլթըն» պանդոկին մէջ: Հանդիսութեան ընթացքին պիտի որոշուին 6 տարբեր բաժանմունքներուն մէջ աւարտական հանգրուան հասած 5-ական թեկնածուներէն լաւագոյնները, որոնք իբրեւ թեկնածու պիտի ներկայացուին Միացեալ Նահանգներու տարածքին կատարուող նման մրցանքի մը:
Առաջնորդը Ընդունեց
Ռաֆայէլ Վրդ. Անտոնեանին Այցելութիւնը
Յուլիս 2-ին թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ազգ. առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Պոսթընի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռաֆայէլ վրդ. Անտոնեանի: Հայր սուրբը նաեւ կը վարէ Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ դիւանապետի պաշտօնը:
Հանդիպումը առիթ եղաւ խորհրդակցելու ժողովուրդին մատուցուած հոգեւոր ծառայութեան մասին, ինչպէս նաեւ` քննարկելու ժողովուրդին ու յատկապէս Միացեալ Նահանգներու տարածքին հաստատուած հայութեան դիմաց կանգնող մարտահրաւէրները:
Առաջնորդ սրբազանը ողջունեց վարդապետին այցելութիւնը եւ ընդհանուր ծանօթութիւններ տուաւ Ազգ. առաջնորդարանի յարկին ու հովանիին տակ տարուող հոգեւոր դաստիարակութեան, կրթական եւ այլ ծառայութիւններուն մասին:
Վարդապետը կիրակի Լաս Վեկասի մէջ այցելեց Ս. Կարապետ նորաշէն եկեղեցին, աղօթակից եղաւ Ս. պատարագին, ապա հիւրընկալուեցաւ հոգեւոր հովիւ Աւետիս Ա. քհնյ. Թորոսեանին եւ ծխական յանձնախումբին կողմէ:
Քանատա
ՀՅԴ Քանատայի Երիտասարդական Միութեան
Վանաձորի Ճամբարը
Յուլիս 18-19, 210 երեխաներ մասնակցեցան ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութեան կազմակերպած ճամբարին, որ տեղի ունեցաւ Վանաձոր քաղաքին մէջ: Երկու օրերու ընթացքին, ճամբարայինները այցելեցին Սանահին-Հաղբատ, Վանաձորի թանգարան, սորվեցան «Գինի լից» եւ «Ելէք հայեր» երգերը եւ զբաղեցան ձեռային աշխատանքներով: Անոնք հանդիպում-զրոյց ունեցան Հայաստանի Ազգային ժողովի անկախ երեսփոխան իրաւապաշտպան Էտմոն Մարութեանին հետ:
Նշենք, որ 2012-ին ՀՅԴ ՔԵՄ-ի 7 վարիչ անդամներ կազմակերպած էին ամառնային ճամբար մը` Վանաձոր քաղաքին մէջ, որուն ընթացքին 8-14 տարեկան հարիւր երեխաներ անվճար յաճախեցին ճամբար: 2012-ի ծրագիրը կ՛ընդգրկէր խաղեր, ձեռային աշխատանքներ, պատմութեան դասաւանդում, երգեցողութիւն եւ անգլերէնի դասեր:
Իրան
Գրիգոր Գրիգորեանի Դասախօսութիւն`
«Իրանը Եւ Իրանահայութիւնը»
Նիւեորքաբնակ ազգային գործիչ եւ «Հայրենիք» օրաթերթի թղթակից Գրիգոր Գրիգորեան «Իրանը եւ իրանահայութիւնը» նիւթին նուիրուած դասախօսութեամբ ընդհանուր պատկերը պարզեց հայութեան ամենահին գաղութներէն մէկուն, եթէ ոչ` հնագոյնին: Նիւ Եորքի Իրանահայ միութեան հայ կեդրոնի սրահին մէջ հաւաքուած ներկաները ուշադրութեամբ հետեւեցան Գ. Գրիգորեանին խիստ հետաքրքրական եւ շահեկան զեկոյցին, որ տեղի ունեցաւ յունիս 14-ին:
«Իրանը Հայաստանէն 54 անգամ աւելի մեծ է եւ իր 80 միլիոն բնակչութիւնը Հայաստանի 23 անգամն է», ըսաւ Գրիգորեան, բնիկ պարսկահայ, որ ծնած է Արատ գաւառի Սուլթանապատ քաղաքը: Գրիգորեան յիշեց, որ Իրանի մարդահամարին մէջ չէ յիշուած հայոց թուաքանակը:
Դասախօսը իրանահայութեան պատմութիւնը բաժնեց չորս հանգրուանի.
Ա.- Սկզբնական շրջան, երբ այս երկու ազգերուն միջեւ կապը սկսած է, Ե.-Է. երկարող դարերուն վրայ:
Բ.- Շահ Աբբասի բռնագաղթը` 1600-ականներուն:
Գ.- Եղեռնէն վերապրողներու տեղափոխումը Պարսկաստան:
Դ.- Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին շրջանի (1918-1920) անկումէն ետք գաղթը:
Սկզբնական շրջանի մասին շատ քիչ տեղեկութիւններ կան: Պարսկահայութիւնը ընդհանրապէս Շահ Աբբասի բռնագաղթը կը նկատէ իր կազմաւորման վճռական իրադարձութիւնը, երբ 1603-ին 300.000-400.000 հայեր Նախիջեւանէն կը ստիպուին փոխադրուիլ Պարսկաստան: Իրենց ճամբուն վրայ հազարաւորներ խեղդամահ կ՛ըլլան Արաքսի ջուրերուն մէջ:
Պարսկահայ գաղութի թիւին աճին երկրորդ ազդակը կ՛ըլլայ Մեծ եղեռնէն ետք, մօտաւորապէս 50.000 հայերու գաղթով:
Հայաստանի առաջին հանրապետութեան անկումէն ետք, 1921-ին շուրջ 10.000 հայեր կը գաղթեն Պարսկաստան: Մեծ համեմատութեամբ մտաւորական խաւ մը կը հաստատուի Թեհրան եւ այլուր, ու այդ տարածքին մէջ կը դաստիարակէ պարսկահայ սերունդները:
Թրքական դաժանութենէն չեն փրկուիր պարսկահայերը: Թրքական բանակը երկու անգամ Պարսկաստան կը ներխուժէ Ա. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին եւ հայեր կը ջարդէ:
Թուրքերը, երբ Թաւրիզը կը գրաւեն, երեք դաշնակցական, երկու անկուսակցական, երկու սոցիալ դեմոկրատներ (պոլշեւիկներ) եւ մէկ հնչակեան պատանդ կը բռնեն: Թէեւ զանգուածային կոտորած տեղի չ՛ունենար, այսուհանդերձ, թուրքին վայրագութեան հայեր զոհ կ՛երթան, երբ Թադէի վանքին մէջ թրքական զօրքը 75 հայ ընտանիք կը կոտորէ:
Հայրենադարձութեան ներգաղթի օրերուն, 1946-1948, գիւղացիները իրենց գոյքերը աժան գինով վաճառեցին, որպէսզի Հայաստան փոխադրուին` այս անգամ ալ զոհ երթալով խորհրդային կարգերու նենգամտութեան:
Պարսկահայութիւնը, ըսաւ դասախօսը, պատմական այլ նուաճումներու ալ դերակատար եղած է, առաջին հայկական պարբերաթերթի հիմնադրութեամբ` պարսկահայ Յարութիւն քհնյ. Շմաւոնեանին կողմէ, Մատրասի մէջ, 1794-ին:
Հակառակ ընդհանրացած տպաւորութեան, Փահլեւիները զգալի ձեւով հակահայ կեցուածք որդեգրած են: Շահ Ռեզան Աթաթուրքին այցելեց եւ վերադարձին հակահայկական որոշումներ կայացուց, ներառեալ` հայկական դպրոցներու փակումը:
Պարսկահայ գաղութին համար դրական երեւոյթ մըն է միշտ սահմանակից ըլլալը մայր հայրենիքին: «Երեւան ռատիօ»-ն միշտ ներկայ եղած է պարսկահայերու տուներուն մէջ, ըսաւ Գրիգորեան:
Փահլեւի շահը Աթաթուրքին բարեկամ ըլլալով` ապրիլ 24-ի Եղեռնի ոգեկոչումը արգիլուած էր, եւ հայերը գաղտնօրէն կը նշէին այդ թուականը, մինչ Իրանի իսլամական կառավարութիւնը զայն կը թոյլատրէ: Առաւել, քանի որ ունինք 200.000 հայ Իրանի մէջ, այդ իրողութիւնը հայերուն իրաւունք կու տայ երկու երեսփոխանի ներկայութեան խորհրդարանին մէջ:
Ներկաները շատ գոհ եւ բաւարարուած մնացին յարգելի դասախօսին կողմէ տրուած լուսաբանութիւններէն` սփիւռքի մեր կարեւոր գաղութին մասին:


