Սուրիացի Քիւրտ Մարտական Ղեկավար Մը Կը Յայտնէ. «Թուրքիա Մեզմէ Վախնալու Բան Չունի»
Սուրիոյ մէջ Քրտական ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան զինեալ թեւին` Ժողովրդային պաշտպանութեան խմբակներ զինեալ խմբաւորման հրամանատար Սիփան Հեմօ, որուն ուժերը վերջերս հիւսիսային Սուրիոյ մէջ իսլամական խմբաւորումներու հետ բախումներուն ընթացքին որոշ շրջաններ գրաւեցին, յայտնեց, որ Թուրքիա Ժողովրդային պաշտպանութեան խմբակներու ուժերէն ոչինչ ունի վախնալիք` նշելով որ շրջանին մէջ գտնուող ծայրայեղական խմբակներն են իսկական վտանգները:
Հիւսիսային Իրաքի Էրպիլ քաղաքէն «Ռուտաու» համացանցային օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին Հեմօ աւելցուց, որ «հակառակ ըսուածին, իբրեւ Ժողովրդային պաշտպանութեան խմբակներ մենք մեզ թուրք ժողովուրդին բարեկամները կը նկատենք»:
Ան նշեց, որ իր ղեկավարած ուժերը շրջանին մէջ զօրակցած են անոնց, որոնք «ժողովրդավարութեան յառաջ մղման» կը նպաստեն, իսկ արմատական իսլամութեան յաղթանակը շրջանին համար «աղէտ» մը պիտի ըլլայ:
«Մենք արմատական իսլամութիւնը կը նկատենք սպառնալիք մը ոչ միայն մեզի, այլ նաեւ թուրք ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ աշխարհին: Սուրիոյ մէջ մեր ձեռքբերումները ի շահ թուրք ժողովուրդին եւ շրջանի ժողովուրդներուն են», ընդգծեց Հեմօ` աւելցնելով, որ Թուրքիա քրտական դրօշին բարձրացումը հարց մը պէտք չէ նկատէ:
Հարցազրոյցին ընթացքին ան նշեց, որ օտար զինեալները Թուրքիոյ ճամբով մուտք կը գործեն Սուրիա` միանալու համար Ժապհաթ Նուսրային, կացութիւնը նկատելով «ուշագրաւ»` նկատի ունենալով, որ Անգարա իր քիւրտ բնակչութեան հետ խաղաղութեան հոլովոյթի մը մէջ կը գտնուի: «Թէեւ Թուրքիա իր քիւրտ բնակչութեան հետ խաղաղութեան հոլովոյթի մը ձեռնարկած է, սակայն ան Սուրիոյ մէջ քիւրտերու կացութենէն մտահոգուած է: Ասիկա հակասութիւն մը կրնայ թուիլ, սակայն մենք գիտենք, որ այդպէս չէ», ըսաւ ան:
Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ քիւրտերուն կեցուածքին, Հեմօ ըսաւ, որ քիւրտերը չէզոք դիրքի վրայ են` աւելցնելով, որ քիւրտերը Սուրիոյ մնացեալ մասերուն համար ոչինչ կրնան ընել, սակայն կրնան «Սուրիոյ մէջ իրենց քրտական շրջանը պաշտպանել: Սակայն Թուրքիա մեր կեցուածքէն անհանգստացաւ: Թուրքիան անհանգստացնողը այն իրողութիւնն է, որ քիւրտերը քրտական շրջանը կը ղեկավարեն»:
Հեմօ հերքեց, որ Ժողովրդային պաշտպանութեան խմբակները Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան զինեալ թեւը կը ներկայացնեն` նշելով, որ իր ուժերը կազմուած են նաեւ այլ կուսակցութիւններու անդամներէ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց, որ Անգարա Սուրիոյ մէջ որեւէ կողմի չի զօրակցիր` աւելցնելով, որ Սուրիոյ մէջ բոլոր խմբաւորումներն ալ «Թուրքիոյ բարեկամներ են»:
«Մենք (քաղաքականութեան մշակման ընթացքին) ազգային կամ յարանուանական ինքնութիւնը նկատի չենք ունենար: Անգարա քիւրտերուն իրաւունքները պաշտպանեց, երբ անոնք սուրիական վարչակարգին կողմէ խտրականութեան կ՛ենթարկուէին», ըսաւ ան:
Թրքական դիւանագիտութեան պետը ըսաւ, որ Թուրքիոյ կողմէ իր սահմաններուն ապահովութեան ամրապնդումը Սուրիոյ մէջ որոշ կողմի դէմ ուղղուած չէ, սակայն անուղղակի կերպով զգուշացուց քրտական ինքնավար շրջան մը հաստատելէ` նշելով, որ միակողմանի քայլերը կրնան յաւելեալ արիւնահեղութեան առաջնորդել, եւ երկու կողմերուն միջեւ տագնապը կրնայ բազմակողմանի պատերազմի վերածուիլ:
Թուրքիոյ խորհրդարանը երէկ վաւերացուց թրքական բանակին արտասահմանի մէջ զինուորական գործողութիւններ կատարել լիազօրող փաստաթուղթ մը:
Նշենք, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ Սուրիոյ տագնապին շուրջ ժողով մը գումարեց` մասնակցութեամբ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պեշիր Աթալայի, արդարութեան նախարար Սատուլլա Էրկինի, ներքին գործոց նախարար Մուամմար Կիւլերի, Տաւութօղլուի, պաշտպանութեան նախարար Իսմեթ Եըլմազի, թրքական բանակի սպայակոյտի պետ Նեճտեթ Էօզելի, ՄԻԹ-ի ղեկավար Հաքան Ֆիտանի եւ վարչապետարանի քարտուղար Էֆքան Ալայի: