Ըստ Պան Քի Մունի Բանբերին. «Ժընեւ-2»-ը Մօտիկ Ապագային Պիտի Չգումարուի
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբեր Մարթին Նեսիրքի յայտարարեց, որ «Սուրիոյ բարեկամներու «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը, որ կը նախատեսուի գումարել սուրիական տագնապը լուծելու համար, մօտիկ ապագային պիտի չգումարուի»:
Նեսիրքի ըսաւ, որ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի խորհրդաժողովի գումարման համար իր ջանքերը կը շարունակէ:
ՄԱԿ-ի մօտ Ֆրանսայի մնայուն ներկայացուցիչ Ժերար Արօ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի` Միջին Արեւելքի իրավիճակին նուիրուած նիստին ընթացքին յայտարարեց, որ «բազմաթիւ տուեալներ ցոյց կու տան, որ սուրիական վարչակարգը օգտագործած է եւ կը շարունակէ քիմիական զէնք օգտագործել, ներառեալ` սարին կազ, ինչ որ զինուորական յանցագործութիւն կը նկատուի»:
«Դամասկոս զինուորական գործողութիւններ կը կատարէ իր ժողովուրդին դէմ, կը շարունակէ զանգուածային ռմբակոծումներ կատարել այն շրջաններուն մէջ, ուր քաղաքային բնակչութիւն տեղակայուած է», ըսած է Ֆրանսայի ներկայացուցիչը:
Ան Սուրիոյ իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է թոյլատրելու ՄԱԿ-ի փորձագէտներու մուտքը երկիր` դէպքերը հետաքննելու համար: «ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը պէտք է անյապաղ միջոցներու ձեռնարկէ, որպէսզի վերջ դնէ սուրիացի ժողովուրդի տառապանքներուն, որոնց հիմնական պատասխանատուութիւնը կը կրէ Պաշշար Ասատ», յայտարարած է դիւանագէտը:
Սուրիական ազատ բանակի միացեալ սպայակոյտի բանբեր Ապտել Համիտ Զաքարիյա «Սքայ Նիուզ»-ին յայտնեց, որ «մենք հետաքննիչ յանձնախումբին պիտի արտօնենք քիմիական զէնքերու օգտագործման հետաքննութեան համար մուտք գործել ազատագրուած տարածքներ»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ «Ռուսիա Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործման առնչուած իւրաքանչիւր դէպքի հետաքննութեամբ հետաքրքրուած է»` աւելցնելով, որ «Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքերու օգտագործման վերաբերեալ արեւմտեան պետութիւններուն ներկայացուցած բոլոր տեղեկութիւնները ճշգրիտ ու շօշափելի չեն, ինչպէս նաեւ թունաւոր նիւթերու շատ փոքր քանակի բացայայտման կ՛ակնարկեն»:
Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը կոչ ուղղեց քիմիական զէնքերու շուրջ հետաքննութիւն կատարելու` առանց հարցը քաղաքականացնելու կամ սուրիական տագնապի արտաքին միջամտութեանց փորձերու:
Լաւրով նշեց, որ սուրիական ընդդիմութիւնը զինելու Ուաշինկթընի որոշումը կը հակասէ «Ժընեւ-2»-ը գումարելու ռուս-ամերիկեան նախաձեռնութեան սկզբունքներուն` աւելցնելով, որ սուրիական կառավարութիւնը, ի տարբերութիւն ընդդիմութեան, համաձայն գտնուեցաւ այդ նախաձեռնութեան:
Ան նշեց, որ սուրիական ընդդիմադիր «Ազգային համաձայնական մարմինը մերժեց խորհրդաժողովին մասնակցիլ»:
Քոխաւի. «Սուրիա Ժիհատի Միջազգային Կազմակերպութեանց Մեծ Կեդրոնի Վերածուեցաւ»
Իսրայէլեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան` ԱՄԱՆ-ի ղեկավար Աւիւ Քոխաւի յայտնեց, որ Ռուսիա «միջազգային ժիհատ»-ի կազմակերպութեանց մեծ կեդրոնի մը վերածուեցաւ, եւ այդ կազմակերպութիւնները ոչ միայն սուրիական վարչակարգը տապալել կը ջանան, այլ նաեւ իսլամական օրէնքը կիրարկող պետութեան մը հաստատման կը միտին:
Սուրիա մեծապէս մտահոգիչ բնորդ մըն է, որ շրջանէն ու աշխարհէն միջազգային ժիհատի հազարաւոր գործիչներ եւ իսլամական ծայրայեղականներ կը ներգրաւէ:
Ան զգուշացուց, որ «Սուրիոյ մէջ միջազգային ժիհատի կեդրոն մը շատ արագ կը զարգանայ եւ կրնայ ոչ միայն Սուրիոյ վրայ ազդել, այլ նաեւ Իսրայէլի սահմաններուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի, Յորդանանի, Սինայի եւ ամբողջ շրջանին վրայ»:
ՄԱԿ-ի մօտ Իսրայէլի մնայուն դեսպան Ռոն Փրոսոր իր կարգին զգուշացուց, որ Իսրայէլ կրնայ Սուրիոյ տագնապին միջամտել, եթէ սուրիական իշխանութեանց կողմէ գրգռութիւնները շարունակուին: «Իսրայէլ ինքնազսպում ցուցաբերեց եւ սուրիական տագնապին միջամտելու նպատակ չունի, սակայն եթէ սուրիական իշխանութիւններուն կողմէ գրգռութիւնները շարունակուին, ապա Իսրայէլ հակադարձելուն այլընտրանք չունի»:


