Զօր. Սիսի Ուրբաթ Օր Եգիպտացի Ցուցարարներէն Բռնարարքներուն Եւ Ահաբեկչութեան Վերջ Տալու Լիազօրութիւն Կը Խնդրէ
Եգիպտական բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Ապտել Ֆաթթահ Սիսի եգիպտացիներուն կոչ ուղղեց վաղը փողոց դուրս գալու` եգիպտական բանակին Եգիպտոսի մէջ բռնարարքներու եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու «լիազօրութիւն» տալու համար: «Եգիպտացիներէն խնդրանք մը ունիմ, որ ուրբաթ օր անպայման բոլոր պատուախնդիր եգիպտացիները փողոց դուրս գան` ինծի բռնարարքներուն եւ ահաբեկչութեան վերջ տալու լիազօրութիւն ու հրաման տալու համար»:
Սիսի ըսաւ, որ «կը տեսնեմ, որ երկիրը մութ փապուղի մղել ուզողներ կան»` զգուշացնելով, որ «մեծ խնդիրի մը յառաջացումին պիտի չսպասենք»: Ան ընդգծեց, որ «այս բանակը միայն եգիպտացիներուն կամքին եւ հրամանին կ՛ենթարկուի»:
Ան նաեւ նշեց, որ «մենք երկրագունդի բոլոր բնակիչներու հսկողութեան տակ ընտրութիւններ կատարելու պատրաստ ենք»:
«Թամարրոտ» շարժումն ու Ազգային փրկութեան ճակատը յայտնեցին, որ պիտի ընդառաջեն զօր. Սիսիի կոչին: Իսլամ եղբայրներու քաղաքական թեւը` Ազատութիւն եւ արդարութիւն կուսակցութիւնը իր կարգին իր համակիրները ուրբաթ օր ցոյցի հրաւիրեց` նշելով, որ «մինչեւ օրինականութեան վերադարձը կանգ պիտի չառնենք»: Սալաֆական Նուր կուսակցութիւնը երկու կողմերուն ալ կոչ ուղղեց ուրբաթ օր ցոյց չկատարելու:
Միւս կողմէ, Եգիպտոսի ելեւմուտքի նախարար Ահմետ Ժալալ յայտնեց, որ ելեւմտական տագնապ դիմագրաւող իր երկիրը Միջազգային դրամական ֆոնտի փոխատուութիւնը մահ ու կենաց հարց չի նկատեր, այլ օգտակար բան մը, եթէ Եգիպտոսի պայմաններուն համեմատ կատարուի:
Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութենէն պատասխանատու աղբիւր մը քաթարական պետական լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին զարմանք յայտնեց պաշտօնազրկուած նախագահ Մոհամետ Մուրսիի կալանաւորման շարունակումին նկատմամբ, իսկ Եգիպտոսի մէջ դէպքերու զարգացումին առնչութեամբ` «մտահոգութիւն»:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներ «քաղաքական պատճառներով» յետաձգեցին «Էֆ-16» տիպի 4 կործանիչներու Եգիպտոսի յանձնումը: