ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ ՄԱՐԶԻ ՏԷՐԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ Կ՛ԸՆԴՈՒՆԻ ԻՐԱՆԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
Ճարտարարուեստի մարզի տէրերու միութեան փոխնախագահ Զիատ Պըքտաշ, միութեան գանձապահ Նազարէթ Սապունճեան, Լիբանանեան արտադրութիւններու արտածումի խորհուրդի նախագահ Խալետ Ֆարշուխ եւ ընդհանուր տնօրէն Սաատէտտին Օուէյնի միութեան կեդրոնին մէջ ընդունեցին Լիբանանի մէջ իրանեան դեսպանատան առեւտրական կցորդ Ապպաս Ապտել Խանին:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-իրանեան տնտեսական եւ առեւտրական յարաբերութիւնները ամրապնդելու, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ ազատ առեւտուրի համաձայնագիր մը ստորագրելու հեռանկարները:
Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ լիբանանցի եւ իրանցի ճարտարարուեստի մարզի ներկայացուցիչներու միջեւ գործակցութեան աշխուժացման անհրաժեշտութիւնը:
Ն. Սապունճեան մաղթեց, որ երկկողմանի գործակցութիւնը հասնի այն մակարդակին, որ կարելի ըլլայ դէպի Իրան առաքուող լիբանանեան արտադրութիւնները բազմացնել` նկատի ունենալով, որ այդ իմաստով մեծ կարելիութիւններ կան եւ Լիբանան դիւրաւ կրնայ իր բազմաթիւ արտադրութիւնները արտածել Իրան:
Ն. Սապունճեան շեշտեց նաեւ, որ Լիբանանի ճարտարարուեստի մարզի տէրերու միութիւնը տեղեակ պէտք է պահել Իրանի մէջ տեղի ունեցող ցուցահանդէսներուն մասին, ինչպէս նաեւ իրանեան իշխանութիւններուն կողմէ դիւրութիւններ ապահովել, որպէսզի լիբանանցի գործատէրերը մասնակցին այդ մասնագիտական եւ միջազգային մակարդակ վայելող ցուցահանդէսներուն:
Հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ հետապնդելու այս նպատակները եւ յաւելեալ հանդիպումներ կայացնելու` բիւրեղացնելու համար առաջարկուած գաղափարները:
ՄԻՒՍ կողմէ, նոյն կեդրոնին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ անպաշտօն հանդիպում մը, երբ միութեան արտածումի խորհուրդի նախագահ Խալետ Ֆարշուխ ընդունեց «Պիել»ի մէջ տեղի ունեցող «Փրոճեքթ Լեպանոն» ցուցահանդէսին մասնակից թրքական պատուիրակութիւն մը, որ փափաք յայտնած էր տեսակցիլ միութեան պատասխանատուներուն հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-թրքական առեւտրական յարաբերութիւնները, եւ շեշտուեցաւ, որ Թուրքիա պէտք է աշխատանք տանի եւ դիւրութիւններ տրամադրէ Լիբանանին, որպէսզի Թուրքիա արտածուող լիբանանեան արտադրութիւններուն վրայ պարտադրուած բարձր տուրքերը նուազին:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ ազատ առեւտուրի համաձայնագիրի նախագիծ մը մշակելու կարելիութիւնները: