ԺՈՄՊԼԱԹ. «ՉԵՄ ԿԱՐԾԵՐ, ՈՐ ԿՐՆԱՆՔ ԹԱԷՖԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԻՆ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄԸ ՀԱՆԴՈՒՐԺԵԼ»

Հըսի հետ հանդիպման ընթացքին

Երէկ, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ` ընկերակցութեամբ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու գործավար նախարար Ղազի Արիտիի եւ երեսփոխան Ալաէտտին Թըրրոյի` այցելեց նախկին վարչապետ Սելիմ Հըսի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Կէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ յայտնեց, որ այցելութիւնը ունեցած է մտերմիկ բնոյթ` աւելցնելով, որ իրենք առողջութիւն մաղթած են Հըսի եւ լսած անոր խորհուրդներն ու ցուցմունքները:

Ժոմպլաթ մաղթեց, որ Լիբանան կարենայ այս հանգրուանը շրջանցել` կազմելով կառավարութիւնը, «որովհետեւ երկիրը չի կրնար գոյատեւել առանց կառավարութեան: Անհրաժեշտ է երկրին մէջ ունենալ տնտեսական, քաղաքական եւ ապահովական հեղինակութիւն մը` երկիրը ամրապնդելու եւ ժողովուրդի ապրուստի ու տնտեսական պայմանները բարելաւելու», շեշտեց ան:

Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի նախագահը շեշտեց, որ ինք մտավախութիւններ չունի` երկրին մէջ ստեղծուելիք ապահովական ցնցումի մը գծով, սակայն ան ցաւ յայտնեց հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան պատկանող մէկ կառոյցին մէջ անցեալ շաբթուան ընթացքին արձանագրուած միջադէպին առնչութեամբ: «Նման միջադէպ չէ պատահած նոյնիսկ քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին, երբ բաժանումը շատ աւելի խոր էր: Յստակ է, որ պետութեան նկատմամբ նուազագոյն յարգանքը չէ մնացած», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով Թաէֆի համաձայնագիրի բարեփոխման հարցին` Ժոմպլաթ յայտնեց, որ ինք չի կարծեր, թէ այդ բարեփոխումին կարելի ըլլայ հանդուրժել: Մենք 1975-էն մինչեւ որ Թաէֆ հասանք` արդէն 1989 եղաւ, «միւս կողմէ, սակայն, պէտք է անպայման համախոհութիւն գոյացնել հանրապետութեան նախագահին իրաւասութիւնները ամրապնդելու առումով», շեշտեց ան:

ՍԱԼԱՄԻ ՄՕՏ

Ժոմպլաթ Արիտիի եւ Թըրրոյի հետ այցելեց նաեւ երեսփոխան Թամմամ Սալամի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:

Իր խօսքը ուղղելով խորհրդարանական նոր մեծամասնութեան` Ժոմպլաթ ըսաւ, որ կարելի չէ այս ընթացքով շարունակել, որովհետեւ անիշխանութիւնը քաոսային վիճակ եւ տնտեսական քայքայում կը պատճառէ, «հետեւաբար` պէտք է կազմել կառավարութիւնը», ըսաւ ան:

Այս առումով Ժոմպլաթ շեշտեց, որ զինք իմացուցած են, թէ կան որոշ տուեալներ, որ  խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի քաղաքական հարցերու խորհրդական, երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Խալիլ որոշ նախաձեռնութիւններ ունին` յոյս յայտնելով, որ անոնց քայլերը շինիչ ըլլան եւ արդիւնաւէտ:

 

Share this Article
CATEGORIES