ՄԱՐՈՆԻ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍԿԱՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ առաւօտեան նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որ տեղի ունեցաւ Պքերքէի մէջ:

Նիստին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Նասրալլա Սֆէյր նախկին պատրիարքը:

Նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ մարոնի եպիսկոպոսները մտահոգ են Լիբանանի մէջ տիրող կացութեամբ, յատկապէս լիբանանեան պետական հաստատութիւններուն պարզած իրավիճակով:

Խորհուրդը կոչ ուղղեց վերադառնալու պետութեան եւ ժողովրդավարութեան հասկացողութեան, ինչպէս նաեւ վերակենդանացնելու Լիբանանի հաստատութենական կեանքը` սկսելով կառավարութեան կազմութենէն:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը նկատել տուաւ, որ անհրաժեշտ է կառավարութիւնը կազմել, որպէսզի ան ստանձնէ երկրին պատասխանատուութիւնները եւ լուծէ երկրին ու քաղաքացիներուն դիմագրաւած հարցերը:

Խորհուրդը ընդգծեց նաեւ Լիբանանի մէջ ազգային միասնականութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը` ապահովելու համար Լիբանանի պետական գերագոյն շահերը:

Մարոնի եպիսկոպոսները մաղթեցին նաեւ, որ այսօր տեղի ունենալիք միջմարոնիական հանդիպումը յաջողութեամբ աւարտի` միասնականացնելով մարոնի բոլոր պատասխանատուներուն սիրտերը:

ԸՍՏ «Նահար» օրաթերթին, Պքերքէի մէջ այսօր տեղի ունենալիք միջմարոնիական հանդիպումին ընթացքին Լիբանանի պաղեստինցի գաղթականներուն բնակեցման հարցը կրնայ քննարկուող թղթածրարներէն մէկը ըլլալ:

 

Share this Article
CATEGORIES