Զօր. Ժան Քահուաժիի Պաշտօնավարութիւնը Պիտի Երկարաձգուի՞
Վերջերս բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութեան երկարաձգման կարելիութիւնը արծարծուեցաւ լիբանանեան կարգ մը շրջանակներու մօտ:
Այս իմաստով «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանը, զինուորական աղբիւրներու վերագրելով իր տեղեկութիւնները, յայտնեց, որ զօր. Քահուաժիի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը պիտի իրականանայ նախքան «Բանակի Օր»-ուան տօնակատարութիւնը` 1 օգոստոսին:
CATEGORIES Լիբանանեան

