Կոկորդիլոսնե՞ր` Պէյրութի Գետին Մէջ
Երէկ առաւօտ տեղեկութիւններ շրջան ըրին, թէ երեք մեթր երկարութեամբ ու մէկ մեթր լայնքով քանի մը կոկորդիլոսներ տեսնուած են Պէյրութի գետին մէջ, որուն մէկ մասը կ՛անցնի Պուրճ Համուտի մէջէն: Երկրագործութեան նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան անհաւանական նկատեց Պէյրութի չոր գետին մէջ կոկորդիլոսի գոյութիւնը` տրուած ըլլալով, որ անոնք ջրառատ վայրերու մէջ կը սիրեն լողալ:
Կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրի իր կարգին յայտնեց, որ երկրագործութեան նախարարութեան հետ գործակցաբար, անհրաժեշտ միջոցառումներ պիտի որդեգրուին կոկորդիլոսը հեռացնելու համար:
Քաղաքապետ Մսըրլեան Կը Հերքէ
Կոկորդիլոսի Գոյութիւնը
Իր կարգին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան յայտնեց, որ քաղաքապետութեան պատկան մարմիններ հետաքրքրուած եւ հարցուփորձ կատարած են գետեզերքի բնակիչներուն թէ աշխատողներուն մօտ ու բոլորն ալ հերքած են կոկորդիլոսի գոյութիւնը: «Նահար» թերթի հարցումներուն պատասխանելով` Մսըրլեան ծիծաղելի նկատած է նման երեւոյթ մը` հերքելով կոկորդիլոսի գոյութիւնը Պէյրութի գետին մէջ: