Զօր. Աուն Ընդունեց Բրիտանիոյ Դեսպանը Եւ Այլ Այցելուներ

Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր երէկ կէսօրէ առաջ այցելեց Ռապիէ, ուր Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ շրջանային ու լիբանանեան վերջին իրադարձութեանց շուրջ:

Երեսփոխան Միշել Աունի հետ իր հանդիպումէն ետք, դեսպան Ֆլեչըր ունեցաւ ինքնաշարժի թեթեւ արկած մը, որ «անվնաս էր»:

Երեսփոխան Աուն երէկ ընդունեց նաեւ Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան նախագահ Ֆուատ Մախզումին եւ ուրիշներ:

Share this Article
CATEGORIES