Զարմանք Յայտնելով Պատկան Կողմերու Անտարբերութեան Գծով. «Առաջնորդներու Սպանութեան Գծով Ցարդ Պաշտօնական Պատասխան Չկայ Թրքական Իշխանութեանց Կողմէ» Յայտնեց Աֆրամ

«Տակաւին պաշտօնական պատասխան չկայ թրքական իշխանութեանց կողմէ», յայտնեց Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ երէկ` ակնարկելով Հալէպի մէջ առեւանգուած երկու առաջնորդներու հաւանական սպանութեան մասին շրջող շշուկներուն:

Աֆրամ զարմանք յայտնեց ապահովական թէ պաշտօնական պատկան մարմիններու ցուցաբերած անտարբերութեան գծով` երեք ամիսէ ի վեր պատահած առեւանգումին գծով, որուն թիրախ դարձան առաջնորդներ Պուլոս Եազըժի եւ Եոհաննա Իպրահիմ եպիսկոպոսները: «Չենք հաւատար, որ Թուրքիա տեղեակ չէ, թէ առեւանգուած առաջնորդները ո՛ւր են հիմա», ընդգծեց Աֆրամ:

Նմանապէս, զբօսաշրջութեան նախարար Կապի Լայեուն զարմանք յայտնեց այս առեւանգման գծով ցուցաբերուող անտարբերութեան նկատմամբ` վերահաստատելով իր դատապարտումը առեւանգումի այդ դէպքին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )