Եւրոպական Հողերու Դէմ Յարձակումը Անընդունելի Նկատելով. «Երկխօսութիւնը Կը Շարունակուի Լիբանանեան Բոլոր Ուժերուն, Ներառեալ` Հըզպալլայի Հետ» Ըսաւ Էխհորեսթ

«Երկխօսութիւնը կը շարունակուի Եւրոպական Միութեան եւ լիբանանեան բոլոր քաղաքական ուժերուն, ներառեալ` Հըզպալլայի հետ», յայտարարեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթ երէկ` շարունակելով իր այցելութիւնները լիբանանեան քաղաքական ղեկավարներուն, լուսաբանելով Եւրոպական Միութեան կողմէ Հըզպալլայի զինուորական թեւը ահաբեկչական կազմակերպութեանց ցանկին վրայ տեղադրելու որոշումին խորքը:

«Եւրոպական հողին վրայ ահաբեկչական յարձակումները անընդունելի են», ընդգծեց Էխհորեսթ` անջատաբար տեսակցելէ ետք հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի եւ շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանի հետ:

Նշենք, որ Էխհորեսթ այսօր պիտի տեսակցի նաեւ Հըզպալլայի դիւանագիտական հարցերու պատասխանատու Ամմար Մուսաուիի հետ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )