«Իրաւունքը Կորսուած Է, Եւ Ենթակայ Ենք Ամէն Տեսակ Հարուածի, Սակայն Պիտի Չլռենք» Յայտարարեց Զօր. Աուն

«Մօտերս պիտի տեսնէք, թէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգումը պիտի յաղթանակեն», յայտարարեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյ, բանաստեղծ Հապիպ Եունեսի նորագոյն գիրքի շնորհահանդէսին ընթացքին: «Ներկայիս ենթակայ ենք ամէն տեսակ հարուածներու, իրաւունքը կորսուած է եւ ասոր ապացոյցը` տիրող փտածութիւնն է», շարունակեց Աուն:

«Այսօր մեզի կը պակսի մեր մշակած ու ներկայացուցած բարեկարգչական ծրագիրին շուրջ բոլորուելու ու համախմբուելու տրամադրութիւնը, ու եթէ չկարենանք իրագործել այդ մէկը, ապա մեր ճիգերը ապարդիւն անցած կ՛ըլլան», ընդգծեց զօր. Աուն` Անթիլիասի Մար Իլիաս եկեղեցւոյ սրահին մէջ իր հովանաւորութեամբ տեղի ունեցած շնորհահանդէսին ընթացքին: «Այսուհանդերձ, ոչ մէկ բանէ կը վախնանք ու պիտի չլռենք», շեշտեց Աուն:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )