Քննարկելով Երեւան Կատարուելիք Յաջորդ Այցելութեան Մանրամասնութիւնները. Նախարար Սապունճեան Ընդունեց Հայաստանի Դեսպան Աշոտ Քոչարեանն Ու Ճարտարարուեստի Սեփականատէրերու Միութեան Պատուիրակութիւնը

«Քննարկեցինք Երեւան կատարուելիք յառաջիկայ այցելութեան եւ Հայաստանի հետ տնտեսական գործակցութեան ապագայ փուլերը, որոնց հիմնաքարերը դրուած էին նախագահ Սլէյմանի Հայաստան կատարած այցելութեան ընթացքին», յայտարարեց ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան երէկ` ակնարկելով յառաջիկայ սեպտեմբերին լիբանանեան ճարտարարուեստական պատուիրակութեան մը Երեւան կատարելիք այցելութեան:

Ճարտարարուեստի սեփականատէրերու միութեան պատուիրակութեան այցելութիւնը ընդունելով` նախարար Սապունճեան քննարկեց լիբանանցի ճարտարարուեստի սեփականատէրերու յառաջիկայ այցելութիւնը Երեւան, ուր պիտի արծարծուի լիբանանեան արտադրութեանց նոր շուկաներ հայթայթելու կարելիութիւնը Հայաստանի եւ մերձակայքի` Ռուսիոյ ու Վրաստանի մէջ, «ուր կ՛ապրին շուրջ 2,5 միլիոն հայեր, որոնք յարատեւ կապի մէջ են իրենց հայրենիքին հետ»:

Խորհրդակցութիւնները ընդգրկեցին նաեւ նախարար Սապունճեանի նախաձեռնութեամբ իրականացած «Միտըլ Իսթ» ընկերութեան Պէյրութ – Երեւան ուղիղ թռիչքը եւ անոր ընձեռած դիւրութիւնները տնտեսական թէ ճամբորդական գործակցութեանց իմաստով: Պատուիրակութեան նախագահ Նաամաթ Ֆրամ յոյս յայտնեց, որ կարելի ըլլայ լիբանանեան արտադրութեանց շահաբաժիններու մաքսատուրքերը յիսուն առ հարիւրով նուազեցնել:

Միւս կողմէ, Սապունճեան ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանը եւ անոր հետ խորհրդակցեցաւ Երեւան այցելութեան շուրջ: Խօսակցութիւնները ընդգրկեցին յառաջիկայ աշնան լիբանանեան ճարտարարուեստական պատուիրակութեան Երեւան այցելութիւնն ու այս գծով փոխադարձ գործակցութեան կարելիութիւնները: Նմանապէս շեշտուեցան Պէյրութ – Երեւան – Պէյրութ «Միտըլ Իսթ» ընկերութեան ուղիղ թռիչքները, որոնք դրական  անդրադարձ կ՛ունենան նաեւ զբօսաշրջութեան մարզին մէջ: Հանդիպումին արծարծուեցաւ նաեւ շրջանային եւ լիբանանեան այժմու իրավիճակն ու Հայաստան – սփիւռք փոխադարձ գործակցութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )