Բագրատունի Ընդունեց Տէյվիտ Ճեֆրին

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, «Շաղզոյեան» կեդրոնի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց ամերիկեան դեսպանատան քաղաքական խորհրդատու Տէյվիտ Ճեֆրին, որուն կ՛ընկերանար դեսպանատան հանրային կապերու պատասխանատու Ֆատի Հաֆեզ:

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր արժեւորում մը կատարելու Լիբանանի ներքին անցուդարձերուն եւ շրջանային կացութեան շուրջ:

Բագրատունի ամերիկացի դիւանագէտին ներկայացուց ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի դիրքորոշումը` լիբանանեան թէ շրջանային թատերաբեմին վրայ կատարուող զարգացումներուն թէ գոյութիւն ունեցող խնդիրներուն գծով: Ան անհրաժեշտ նկատեց, որ ամերիկեան դիւանագիտութիւնը հետամուտ ըլլայ հարցերը երկխօսութեամբ եւ բռնութենէ հեռու միջոցներով լուծելու անհրաժեշտութեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )