Զարմանք Յայտնելով Եւրոպական Միութեան Որոշումի Ուշացման Գծով. «Դիմադրութիւնը Տակաւին Առանցքը Կը Կազմէ Լիբանանեան, Արաբական, Շրջանային Ու Միջազգային Հետաքրքրութեան» Յայտնեց Սէյիտ Նասրալլա

«Դիմադրութիւնը տակաւին առանցքը կը կազմէ լիբանանեան, արաբական, շրջանային թէ միջազգային ուշադրութեան ու հետաքրքրութեան», յայտարարեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ, Հըզպալլայի կնոջական իֆթարի մը առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ: Ան յայտնեց, որ Եւրոպական Միութեան որոշումը անակնկալ մը չէր` միաժամանակ զարմանք յայտնելով այդ որոշումի ուշացման գծով:

«Դիմադրութիւնը միշտ թիրախ է յարձակումի` լուծարքի ենթարկուելու եւ չէզոքացուելու նպատակով», շարունակեց Նասրալլա եւ աւելցուց. «Դիմադրութիւնը պիտի շարունակէ փուշ մնալ սիոնականներուն եւ բոլոր անոնց աչքին, որոնք կ՛ուզեն վնասել այս երկրին»:

«Ամերիկա եւ Իսրայէլ ճնշում բանեցուցին, որ Եւրոպական Միութիւնը այս որոշումը տայ, սակայն կարեւորը լիբանանցիներու ցուցաբերած հոգածութիւնն ու զօրակցութիւնն է Դիմադրութեան, որ իր ուժը կ՛առնէ ժողովրդային իր խարիսխէն», եզրափակեց Նասրալլա:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )