Փարիզի Մէջ Մամետեարով – Ֆապիւս Հանդիպում
ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ երեքշաբթի օր Փարիզի մէջ տեղի ունեցած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի եւ անոր ֆրանսացի պաշտօնակից Լորան Ֆապիւսի հանդիպումը:
Հանդիպումին ընթացքին արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են Ֆրանսա-Ազրպէյճան երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ Ազրպէյճան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան առնչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարուած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ ճամբով լուծման բանակցային հոլովոյթին:
Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Մամետեարով Փարիզ կը գտնուի աշխատանքային այցելութեամբ:
CATEGORIES Հայկական

