ՆԻՒԹԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ
«ՆԱՀԱՐ»
– Անդրադարձ` «Պիել»ի մէջ տեղի ունեցող «Փրոճեքթ Լեպանոն 2011» ցուցահանդէսին, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Թուրքիա:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ»
– Մէջբերում Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի կատարած այն յայտարարութենէն, թէ Թուրքիա շրջանին մէջ սիւննի համայնքին պահապանն է:
«ՏԻԱՐ»
– Թուրքիոյ մէջ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ժողովրդականութեան արձանագրելիք նահանջին մասին վերլուծական յօդուած:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ»
– Անդրադարձ` Թուրքիոյ մէջ իսրայէլեան դեսպանատան առջեւ տեղի ունեցած ցոյցին, որուն նպատակն էր ոգեկոչել Ազատութեան նաւատորմի զոհերուն յիշատակը:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ»
– Լրատուութիւն` Թուրքիոյ հիւրընկալած սուրիական ընդդիմութեան ընդարձակ խորհրդաժողովին եւ Սուրիա – Թուրքիա երկկողմանի յարաբերութիւններուն սառեցումին մասին:
– Վերլուծական յօդուած` Միջին Արեւելքի մէջ Թուրքիոյ ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը կորսնցնելու հաւանականութեան մասին:
«ՇԱՐՔ»
– Լրատուութիւն` թրքական ատեանի մը կողմէ թուրք բարձրաստիճան զինուորականի մը դէմ արձակուած ձերբակալութեան հրամանագիրին մասին: Թուրք զինուորականին դէմ ամբաստանութիւնը այն է, որ ան կառավարութեան դէմ է եւ պետութեան դէմ դաւադրութիւններ կը սարքէ:
«ՍԱՖԻՐ»
– Անդրադարձ. ամէնէն աւելի իսրայէլեան արտադրութիւններ ներածող երկիրներուն շարքին Թուրքիա կը գրաւէ երրորդ դիրքը:
– Վերլուծական յօդուած, որուն մէջ կը շեշտուի, թէ յառաջիկայ 12 յունիսին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք, հիմնական երկու հարցեր պիտի գրաւեն լուսարձակները: Այդ հարցերն են` Սուրիան եւ քիւրտերը:
«ՊԱՅՐԱՔ»
– Անդրադարձ` Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու քայլերուն, յատկապէս` ուժանիւթի, առեւտուրի եւ ճարտարարուեստի մարզերուն մէջ: