ԵՈՒՆԵՍՔՕ-Ի ՊԱԼԱՏԻՆ ՄԷՋ ԱՅԱԹՈԼԼԱ ԽՈՒՄԷՅՆԻԻ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ 22-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ

Սէյիտ Նասրալլա` պատկերասփռուած ճառին ընթացքին

Իրանի նախկին հոգեւոր պետ այաթոլլա իմամ Խումէյնիի վախճանման 22-ամեակին առիթով, երէկ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի երեկոյ մը` կազմակերպութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպանատան:

Այս առիթով պատկերասփռուած խօսք մը արտասանեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա, որ շեշտեց, թէ Հըզպալլայի համար առաջնահերթութիւն է գործակցիլ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն հետ եւ օժանդակել վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին` կազմելու համար կառավարութիւնը:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ իբրեւ խորհրդարանական նոր մեծամասնութեան մաս կազմող քաղաքական կողմ, իրենք եւս գիտեն կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող դժուարութիւնները, սակայն պէտք է ջանքերը շարունակել եւ չյուսալքուիլ, որովհետեւ Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը ազգային շահ է:

Միւս կողմէ, ան առաջարկեց Թաէֆի համաձայնագիրին կառչած մնալու կամ զայն բարեփոխումի ենթարկելու հաւանականութիւնները զանց առնել եւ անոր փոխարէն Լիբանանի սահմանադրութեան ու կանոններուն բացթողումները բարեփոխել, երկրին վարչակարգը զարգացնել:

Ան ընդգծեց նաեւ, որ պէտք է պահպանել  պետական կառոյցներն ու հաստատութիւնները:

Անդրադառնալով շրջանային իրադարձութիւններուն` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի ծրագիրն է բաժնել շրջանը, եւ այս ծրագիրը պիտի հասնի մինչեւ Սէուտական Արաբիա` ամբողջ շրջանը բաժնելէ ետք:

Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի յայտնեց, որ Իրան մնայուն կերպով եւ մշտապէս կը զօրակցի Լիբանանին ու Պաղեստինին` թշնամի Իսրայէլին եւ զայն պահպանողներուն  դիմադրելու անոնց առաքելութեան մէջ:

Ապատի շեշտեց, որ պաղեստինցի ժողովուրդին միասնականութիւնը ողջունելի է, որովհետեւ անիկա միակ միջոցն է` Պաղեստինը կերտելու:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ Խալիլ Համտան յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կայ քաղաքական կողմ մը, որ փափաքած է բռնատիրութիւն բանեցնել` ժողովրդավարական հագուստներով: «Եթէ ժողովրդավարութիւնը անոնց շահերուն կը ծառայէ, ապա կը դրուատեն զայն եւ այդ օրէնքներով կ՛առաջնորդուին, իսկ երբ բացատրութիւն պահանջուի անոնցմէ` 11 միլիառ տոլարի գումարին մասին, ապա անոնք այդ մէկը միջամտութիւն կը նկատեն` փշաթելերով ամրացուած ագարակին շուրջ», ըսաւ ան:

Իր կարգին, մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքի ներկայացուցիչ հայր Ապտօ վրդ. Ապու Քասմ յայտնեց, որ պէտք է Լիբանանի գերագոյն շահերը գերադաս նկատենք եւ հեռու մնանք բոլոր այն «հագուստներէն», որոնք դուրսը ձեւուած են եւ կ՛այլանդակեն մեզի:

Հայր Ապու Քասմ շեշտեց, որ Լիբանանը պէտք չունի անսալու արտաքին խորհուրդներու, որովհետեւ Լիբանանը հերոսներու երկիր է եւ բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն եռեակին շնորհիւ կրցած է ազատագրել բռնագրաւուած հողերը:

 

Share this Article
CATEGORIES