ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՆԵՐՔԻՆ ՀԱՐՑԵՐ

Նախագահ Սլէյման` Հանրութեան փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան պատուիրակութեան հետ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց խորհրդարանի հարցերու պետական գործավար նախարար Միշել Ֆարաոնը եւ պետական գործավար նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը:

Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան ներքին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ այդ հարցերը լուծելու կարելիութիւնները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն Էտմոն Ֆատել, որ նախագահին զեկուցեց Լիբանանի ապահովական կացութեան մասին եւ քննարկեց բանակին կարիքները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Հանրութեան փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Ապտել Էմիր Նաժտէի եւ սենտիքաներու նախագահ Պասսամ Թլէյսի:

Պատուիրակութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց հանրապետութեան նախագահին, որ հիմնական դերակատարութիւն ունեցաւ հանրային փոխադրամիջոցներու վարորդներու պահանջներուն լուծումներ գտնելու առաքելութեան մէջ:

Նախագահ Սլէյման իր կարգին ողջունեց պատուիրակութիւնը` շեշտելով, որ բոլորին կողմէ պատասխանատուութիւն ստանձնելու գիտակցութիւն պէտք է գոյութիւն ունենայ:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ Պէյրութի արաբական համալսարանի շրջանաւարտներու միութեան վարչութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES