Միլանի Ֆութպոլիստը Դաշտը Կը Լքէ Իր Դէմ Ուղղուած Ցեղապաշտական Խօսքերուն Պատճառով
Իտալական Ա. Սէ. Միլանի յառաջապահ, 26-ամեայ Քեվին Քոնսթանթ 34-րդ վայրկեանին լքեց դաշտը Սասուոլոյի դէմ կայացած բարեկամական մրցումի ընթացքին (Թրոֆէ Թիմ), որովհետեւ ան լսած էր իր դէմ ուղղուած ցեղապաշտական խօսքեր: Սակայն միւս բոլոր խաղացողները ըսած են, թէ իրենք այդպիսի որեւէ բան չեն լսած խաղի ընթացքին:
Երբ Քոնսթանթ դաշտը լքեց, Միլան անմիջապէս զայն փոխարինեց ուրիշ խաղացողով մը:
Խաղը աւարտեցաւ Սասուոլոյի յաղթանակով (2-1):
Յիշեցնենք նաեւ, որ նոյնանման դէպք մը պատահեցաւ անցեալին Միլանի խաղացող Քեվին Փրինս Պոաթենկի հետ, եւ ան նոյնպէս լքեց դաշտը, սակայն այդ ժամանակ խաղը չշարունակուեցաւ:
CATEGORIES Մարզական


