«Ֆութպոլի 1958-ի Եւ 1962-ի Աշխարհի Ախոյեանը Մահացած Է»

Ճալմա Սանթոս

Պրազիլի մէջ, ազգային հաւաքականի հանրածանօթ նախկին յառաջապահ Ճալմա Սանթոս 84 տարեկանին թոքերու հիւանդութեան պատճառով մահացաւ: Այս լուրը կը հաստատեն Հարաւային Ամերիկայի լրատուական միջոցները: Ան արդէն իսկ 1 յուլիսէն հիւանդանոց կը գտնուէր:

Շատերը Սանթոսը կը նկատեն իբրեւ ամէնէն լաւ աջ յառաջապահը ֆութպոլի ընդհանուր պատմութեան մէջ: Ան ճանչցուած էր իր արագութեամբ:

Ան մասնակցած է յաջորդաբար աշխարհի ֆութպոլի չորս ախոյեանութիւններու (1954, 1958, 1962 եւ 1966) եւ տիրացած է տիտղոսին 1958 եւ 1962 թուականներուն:

Ան իր ակմբային ասպարէզը կատարած է պրազիլեան երեք ակումբներու հետ` Փորթուկեզա, Փալմէյրաս եւ Աթլեթիքօ Փարանայենսէ:

Պէտք է նշել նաեւ թէ ինք երբեք կարմիր քարտ չէ ստացած իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին:

Share this Article
CATEGORIES