Փարիզ Սեն Ժերմենի Բերդապահը Կը Միանայ Լանսի

Ալֆոնս Արէոլա

Լանսի պաշտօնական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի մայրաքաղաքի խումբին` Փարիզ Սեն Ժերմենի բերդապահ Ալֆոնս Արէոլա պիտի տեղափոխուի Լանս:

Այս փոխանցումը մէկ տարուան պայմանագրութեամբ է, եւ 2013-2014 տարեշրջանի աւարտին ան պիտի վերադառնայ Փարիզ Սեն Ժերմեն:

Պէտք է նշել նաեւ, որ ան վերջերս, Ֆրանսայի 20 տարեկանէն վար խումբին հետ հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան եւ աւարտական մրցումի խաղին հերոսներէն մէկը հանդիսացաւ, երբ խաղի աւարտին երկու փենալթի զսպելով իր խումբին յաղթանակը կերտեց:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )