«Կը Ձգտինք Օգտագործել Հայկական Գործօնը Միջազգային Թենիսի Շրջագիծին Մէջ» Կ՛ըսէ Ռոպերթ Ջանիբեկեան
Հայաստանի թենիսի զարգացման ֆոնտը աւելի աշխուժացնելով իր աշխատանքները, կը ձգտի օգտագործել հայկական գործօնը միջազգային թենիսի շրջագիծին մէջ: Այս մասին «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան տեղեկացուց ֆոնտի փոխնախագահ Ռոպերթ Ջանիբեկեան:
Ան նշեց, որ ֆոնտը վերջերս է, որ հիմնուեցաւ, բայց արդէն իսկ համագործակցութեան համաձայնագիր մը կնքած է սպանական թենիսի ֆետերասիոնին հետ:
Ասոր կողքին, Թենիսի զարգացման ֆոնտի նախագահ Եուրի Մկրտչեան պիտի մեկնի Միացեալ Նահանգներ, ուր ներկայ պիտի գտնուի Միացեալ Նահանգներու բաց ախոյեանութեան խաղերուն (Եու. Էս. Օփըն) եւ նաեւ պիտի բանակցի ամերիկեան թենիսի հայազգի ներկայացուցիչներուն` Անտրէ Աղասիի, Սարգիս Սարգսեանի եւ այլ անձերու հետ:
Ուրիշ երկիրներու մէջ եւս քիչ չեն միջազգային թենիսի հայազգի ճանչցուած գործիչները, եւ Թենիսի զարգացման ֆոնտի ներկայացուցիչները կը պատրաստուին հանդիպիլ եւ բանակցիլ անոնց հետ` ըլլայ Հայաստանի մէջ կամ այլուր:
Իր խօսքի աւարտին, Ջանիբեկեան նշեց, որ գործնական կապեր հաստատուած են Պիելոռուսիոյ գործընկերներուն հետ, որոնք Երեւանի մէջ մէկ ամսուան տեւողութեամբ դասընթացքներ կը կատարեն հայ թենիս խաղացողներուն համար: Ան կը նախատեսէ, որ հայ մարզիկները ձմեռնային մարզումներ կատարեն Պիելոռուսիոյ մէջ, եւ ատիկա պատճառ պիտի դառնայ, որ անոնք լաւ մարզուին յառաջիկայ մրցաշարքերուն համար եւ երկար ընդմիջումի մը մէջ չմնան մինչեւ յաջորդ մրցաշարքը: