Կարճ Լուրեր` Ճատրակի Աշխարհէն
Կրանտմասթըրներ Յովիկ Հայրապետեան եւ Կարէն Գրիգորեան Սպանիոյ Սիտքես քաղաքին մէջ տեղի ունեցող միջազգային մրցաշարքին երկու հանգրուան ետք ունին 2-ական կէտ եւ այլ մասնակիցներու հետ կը գրաւեն պարագլուխի դիրքը:
Միւս կողմէ, Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ սկսած ճատրակի Եւրոպայի կիներու 14-րդ անհատական ախոյեանութեան առաջին հանգրուանին, Հայաստանի ներկայացուցիչ մեր մարզիկները բաւական լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգեցին.
Ստորեւ` արդիւնքները.
Մկրտչեան Լիլիթ – Շուլաքովա Սվեթլանա 1-0
Քուրսովա Մարիա (Հայաստան) – Պլակոյեվիչ Թաթիանա 1-0
Գալոյեան Լիլիթ – Տիքտարեվիչ Պարպարա 1-0
Հայրապետեան Աննա – Սթեֆանովա Անթուանեթա 0-1
Բալայեան Ալինա (Ռուսիա) – Լակնօ Քաթերնիա 0-1
CATEGORIES Մարզական

