Արազ Օզպիլիս Բացակայ` Քուպանի Փորձէն
Վերջին լուրերուն համաձայն, Հայաստանի հաւաքականի ֆութպոլիստ Արազ Օզպիլիս Քուպանը լքելով պիտի միանայ Սպարտակի: Լուրը կը հաղորդէ euro-football.ru լրատուական կայքէջը: Կ՛ըսուի, թէ Օզպիլիս արդէն երեքշաբթի օր բացակայած էր իր այժմու խումբի` Քուպանի փորձէն:
Կը խօսուի, թէ Օզպիլիսով հետաքրքրուած են նաեւ Տինամօ Մոսկուան եւ ֆրանսական Մոնաքօ ակումբը:
CATEGORIES Մարզական