Արթուր Աբրահամ Օգոստոսին Մրցասպարէզ Կը Վերադառնայ

Արթուր Աբրահամ

Հայաստանի մէջ հայազգի բռնցքամարտիկ Արթուր Աբրահամի մամլոյ բանբեր Սիրան Գրիգորեան յայտարարեց, որ Գերմանիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող հայազգի արհեստավարժ բռնցքամարտիկ, գերմիջին կարգի աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ մրցասպարէզ պիտի վերադառնայ 24 օգոստոսին` Գերմանիոյ մէջ:

Ան պիտի մենամարտի 30 տարեկան Վիլպեֆորս Շիհեփոյի դէմ: Վերջինս Ափրիկէի Նամիպիա պետութենէն է եւ կը կոչուի «Սեւ Մամպա»:

Աբրահամ իր կարգին յայտնեց, որ ան Պերլինի մէջ օրական ծանր փորձեր կը կատարէ, եւ այս վերջին շրջանին իր մարզիչը աւելի խիստ ձեւով կը վարուի իրեն հետ մարզումի ժամանակ:

Ան աւելցուց ըսելով, որ ինչպէս ամէն մենամարտի, յաջորդին ալ նոյն ձեւով պիտի պայքարի` հասնելու համար յաղթանակին:

Յիշեցնենք նաեւ, որ վերջերս ան մինչեւ 2015 երկարաձգած է իր պայմանագիրը գերմանական «Սաուերլանտ Իվենթ» ընկերութեան հետ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )