Հայկ Աշգարեանի Նուիրուած Փինկ Փոնկի Մրցաշարք
Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան փինկ փոնկի յանձնախումբին, հսկողութեամբ Րաֆֆի Մումջողլեանի եւ ներկայութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի անդամ Միշել Ռըզքալլայի, շաբաթ, 20 յուլիս 2013-ին «Աղբալեան ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ վեթերաններու յատուկ փինկ փոնկի մրցաշարք մը` նուիրուած ՀՄԸՄ-ի վեթերան մարզիկ եւ Լիբանանի փինկ փոնկի ազգային խումբի նախկին անդամ Հայկ Աշգարեանի:
Յիշեալ մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին փինկ փոնկի 36 վեթերան մարզիկներ, որոնց կարգին ներկայիս հիւրաբար Պէյրութ գտնուող Լիբանանի փինկ փոնկի առաջին ախոյեան Սամուէլ Մաթոսեան:
Կիսաւարտականի մրցումներ.
Շարպել Մարուն – Էլիաս Ռըժէյլի 3-0
Նազիհ Տաապուլ – Խաչիկ Կէօքէօզեան 3-1
Աւարտական մրցում.
Շարպել Մարուն – Նազիհ Տաապուլ 3-0
Մրցումներու աւարտին տեղի ունեցաւ բաժակներու եւ մետալներու տուչութիւն, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեան յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց Հայկ Աշգարեանին, որ ներկայ էր մրցաշարքի մրցումներուն:


