50 Տարի Առաջ (26 Յուլիս 1963)

Ինչպէ՞ս Պատրաստուեցաւ
Առաջին Ֆիլմը 

1660-ին դանիացի մաթեմաթիկոս մը Հռոմ գնաց: Պապական մաքսային պաշտօնեաները չնշմարեցին, թէ ան իր ձեռքին ունէր սեւ տուփ մը, որ օժտուած էր ծխնելոյզով եւ ապակեայ աչքով: Դանիացին Վակնելշթայն կը կոչուէր եւ չէր ուզեր, որ կախարդ մը համարէին զինք:

Այս մարդը զուարճացուց Հռոմի ազնուականութիւնը` իր մոգական լապտերով: Այդ շրջանին շատերը կը կարծէին, թէ սատանայական բան մը կար անոր մէջ, բայց Աթանաս Քիրշեր անունով վանականի մը յղացած գաղափարն էր այդ: Այս վանականը գրեր էր նաեւ «Լոյսի եւ ստուերի արուեստ» անունով ուսումնասիրութիւն մը` 1644-ին:

Մոգական լապտերը կարելի է նմանցնել շարժանկարի, բայց անհրաժեշտն էր, որ կը պակսէր այնտեղ, այսինքն` լուսանկարը:

Մոգական լուսանկարի գաղափարը ծնունդ է առեր ըստ ոմանց` Պղատոնի քարայրէն եւ աստղաբաշխներու մութ սենեակէն: Արդարեւ, Պղատոնը կ՛երեւակայէր, որ մարդիկ աշխարհի վրայ բանտարկուած են` ինչպէս քարայրի մը մէջ եւ անոր պատերուն վրայ կը տեսնեն դուրսի անցքերու ստուերները միայն:

Լուսանկարչութեան գիւտն էր, որ կարելի դարձուց շարժանկարը: 1957-ին Ի. Փ. Պեքարին գտաւ լոյսի ազդեցութիւնը շարք մը խաւերու վրայ: 1799-ին Շոսիէն գտաւ քիմիական շարք մը նիւթերու փոխադարձ ազդեցութիւնները եւ 1822-ին Ժոզեֆ Նիսեֆոր հնարեց լուսանկարչութիւնը: Այդ առաջին շրջանին 6-8 ժամ պէտք էր պատկերահանելու համար: Փեքարը 20 րոպէի վերածեց այդ ժամանակամիջոցը. հետզհետէ ուրիշ գիտուններու շնորհիւ պէտք եղաւ 4-5 րոպէի եւ վերջապէս կարելի դարձաւ րոպէական պատկերահանումը (էնսթանթանէ), որ շարժանկարի առաջին պայմանն է: Իսկ 1887-ին Իսամանը գործածեց առաջին անգամ սելիւլոյիտը` ապակիի փոխարէն: Ու անկէ ետք երեւան եկաւ ֆիլմը: Լուսանկարը կար, ուրեմն կը մնար վերստեղծել շարժումը:

Պարին եւ Պլատոնը աշխատեցան այդ ուղղութեամբ, մինչեւ որ 1834-ին Հէօրները, շարժումը տարբաղադրելով, անոր զանազան յաջորդական մասերը գծեց ժապաւէնի մը վրայ, որ արագօրէն դառնալով` կը գերստեղծէր այդ նոյն շարժումը:

 Կառավարական Աւանի Հիմնարկէքը
Կատարուեցաւ
Փիեռ Ժեմայէլի Միջոցով

Հանրօգուտ շինութեանց նախարար Փիեռ Ժեմայէլ երէկ զետեղեց Պիր Հասանի մէջ շինուելիք կառավարական աւանին առաջին քարը: Այս աւանին մէջ պիտի համախմբուին ներքին, տնտեսական, ընկերային, ծրագրի եւ փոստ-հեռագրական նախարարութիւնները:

11 միլիոն լ. ոսկի յատկացուած է այս ծրագրին իրագործման համար: Աշխատանքները պիտի աւարտին 1966-ի սկիզբը:

 

Հետաքրքրական

Երգիծանքը Երկաթէ Վարագոյրի Ետին

Արեւելեան Պերլինի մէջ պարենատոմսով հողկիթ (գետնախնձոր) կը բաժնեն: Բնականաբար մեծ «պոչ» մը կազմուած է, եւ խեղճ մարդիկը համբերութեամբ կը սպասեն երկու քիլօ գետնախնձոր առնելու համար:

Քիչ ետք կը յայտնուի Համայնավար կուսակցութեան ծանօթ անդամներէն մէկը, որ փոխանակ կարգի սպասելու` գետնախնձորի բաժանման հսկող պաշտօնեային կը մօտենայ, եւ թուղթ մը ցոյց կու տայ անոր:

– Ասիկա ի՞նչ է, ընկե՛ր,- կը հարցնէ ան:

– Կուսակցութենէն տրուած թուղթ մը, որ իրաւունք կու տայ առանց կարգի սպասելու գետնախնձոր առնել:

– Այո՛, ճիշդ է, ընկեր: Դուք պէտք է երթաք ետեւի դռնէն,- կը պատասխանէ բաժանման հսկողը:

Գերմանացին կ՛երթայ ետեւի դրան կողմը, բայց հոն ալ ահագին «պոչ» մը կը տեսնէ:

– Ասոնք ո՞վ են,- կը հարցնէ զարմացած:

– Առանց կարգի սպասելու գետնախնձոր առնելու իրաւունք ունեցող կուսակցականներ ենք,- կը պատասխանէ կարգի սպասողներէն մէկը:

 ***

Վերջերս Արեւելեան Գերմանիոյ ղեկավար Վալթեր Ուլպրիխթի ծննդեան եօթանասունամեակին առիթով տեղի ունեցած մեծ ընդունելութեան ընթացքին գերման ականաւոր համայնավարներէն մէկը բաժակաճառի ընթացքին կ՛ըսէ.

– Ընկե՛ր, Ուլպրիխթ, կը մաղթեմ, որ ձեր կեանքի աշունը ըլլայ երջանիկ ու խաղաղ:

– Ո՞ր աշունը,- կը գոչէ Ուլպրիխթ:- Այնպէս կը խօսիք, որ կարծես թէ մէկ ոտքս գերեզմանն է արդէն: Իմացէք, ընկերնե՛ր, որ աշխարհի վրայ համայնավարութեան հաստատումը չտեսած` մեռնելու նպատակ չունիմ:

Ընդունելութեան ներկայ եղող պատուելի մը կը գոչէ.

– Կը մաղթեմ ուրեմն, որ Աստուած յաւիտենական կեանք պարգեւէ ձեզի…

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )