Արուեստի Աշխարհէն. Մանուկ Հանճարը` «Բարոյական Մղձաւանջ Մը»
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՔԻՐԸՆ ՈՒԻԼԻԸՄՍԸՆ 10 ՏԱՐԵԿԱՆ Է ԵՒ ՎԵՐՋԻՆ 5 ՏԱՐԻՆԵՐՈՒՆ ԻՐ ԳԵՂԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՎԱՃԱՌՔԷՆ ՇԱՀԱԾ Է ՇՈՒՐՋ 1.5 ՄԻԼԻՈՆ ՓԱՈՒՆՏ: ՔՆՆԱԴԱՏՆԵՐ ԶԱՅՆ ԿԸ ԿՈՉԵՆ «ՓՈՔՐԻԿ ՄՈՆԷ ՄԸ», ՍԿԵՊՏԻԿՆԵՐ, ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՎ ՀԱՆԴԵՐՁ ԳԵՂԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒՆ ԳԵՂԵՑԿՈՒԹԻՒՆԸ, ՉԱՓԱԶԱՆՑՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՆԿԱՏԵՆ ԲԱՂԴԱՏՈՒԹԻՒՆԸ: ՍԱԿԱՅՆ, ԵՐԲ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԼՈՒՍԱՐՁԱԿՆԵՐԸ ՈՂՈՂԱԾ ԵՆ ԱՆՈՐ ԿԵԱՆՔԸ, ԶԱՅՆ ՄԵԾՑՆԵԼԸ «ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՄՂՁԱՒԱՆՋ ՄԸ» ԴԱՐՁԱԾ Է ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՀԱՄԱՐ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ՀԱՆՃԱՐԵՂ ՄԱՆՈՒԿԻ ՄԸ ԿԱՐԵԼԻ ՉԱՓՈՎ ԲՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ՏԱԼՈՒ ԾՆՈՂՔԻ ՄԸ ՊԱՅՔԱՐԸ:
Նորֆոքի Լատըմ գիւղի զաւակ Քիրըն լրատուամիջոցներու լուսարձակին տակ յայտնուեցաւ 2010-ին, երբ 7 տարեկան էր: Անոր առաջին ցուցահանդէսին նկարները քանի մը վայրկեանի մէջ վաճառուեցան 150 հազար փաունտի:
Քոռնուոլի մէկ ծովեզերեայ շրջանին մէջ 2008-ին ընտանեկան արձակուրդի մը առիթով Քիրըն իր ծնողներէն խնդրած էր գծելու յատուկ տախտակ մը, որուն վրայ գծած էր իր առաջին դաշտանկարները, որոնք այժմ մեծապէս կը գնահատուին արուեստի գործերու հաւաքածոներ կազմող անձերու կողմէ:
Այժմ ան իր կեանքին կէսը անցուցած է արտադրելով նկարներ, որոնք կը վաճառուին աւելի քան 45 հազար փաունտի: Ան պատուէրներ կը ստանայ աշխարհի չորս ծագերէն, ինչպէս նաեւ` անուանի աստղերէ:
Չարաշահութենէ Զերծ
«Իբրեւ ընտանիք` կը փորձենք կառչիլ բնական կեանքի, որքան որ կարելի է: Սակայն անկեղծ ըլլալու համար պէտք է ըսել, թէ ասիկա բարոյական եւ իրաւական մեծ մղձաւանջ մըն է», կ՛ըսէ Քիրընի մայրը` Միշել Ուիլիըմսըն:
«Կարելի չափով մեր լաւագոյնը կ՛ընենք` ընտանեկան կեանքը հաւասարակշռուած պահելու համար: Անոնք, որոնք կը տեսնեն իր յաջողութիւնը, կը մտածեն միայն դրամին մասին եւ կը կարծեն, թէ ամէն ինչ հաճելի է: Անոնք չեն մտածեր այն հաւասարակշռութեան մասին, որ պէտք է ստեղծենք իր կեանքին մէջ»:
«Պէտք է երաշխաւորենք Քիրընի պաշտպանութիւնը` ընդդէմ չարաշահութեան, եւ իրաւական համակարգը պէտք է հաւաստիացնէ մեզի իբրեւ ծնողք, որ ճիշդ ընթացք որդեգրած ենք»:
Ուիլիըմսըն ընտանիքը կանոնաւոր կերպով հանդիպումներ կ՛ունենայ իրաւաբաններու հետ` երաշխաւորելու համար Քիրընի առնչուած գործառնութիւններուն ճիշդ ընթացքը:
«Պատահած է, որ մանուկներ իրաւական հարց յարուցեն իրենց ծնողներուն դէմ, որովհետեւ անոնք դրամական շահարկումներ կատարած են իրենց անունով: Մինչ ծնողներ կը կարծեն, թէ իրենց շահարկումները ճիշդ եղած են ատենին, անդին` անոնց զաւակները կրնան աւելի ուշ մարտահրաւէր ուղղել իրենց», կ՛ըսէ Ուիլիըմսըն:
Քիրըն աշխարհի չորս կողմերէն հրաւիրուած է ցուցադրելու իր գործերը: Առեւտրական ընկերութիւններ առաջարկներ ներկայացուցած են` զայն պտտցնելու աշխարհի տարածքին, որպէսզի ծանուցէ իրենց արտադրութիւնները:
Քիրըն նաեւ հարցազրոյցի առաջարկներ ստացած է պատկերասփիւռի ամերիկեան կայաններէ, սակայն ծնողները վճռած են, որ ան պէտք է վայելէ բնական կեանք մը:
«Պէտք է շատ շրջահայեաց ըլլալ եւ թոյլ չտալ, որ ան շահագործուի այս ձեւով: Եթէ տարբեր ծնողներ ըլլայինք, թերեւս մեզի համար հաճելի թուէր աստղերու մակարդակի այն դիրքը, որուն պիտի հասնէինք», կը բացատրէ Ուիլիըմսըն:
«Քիրըն ունի իրաւաբաններու իր սեփական խմբակը, որուն մասնագիտութիւնն է իրաւական յանձնանձումը: Հետեւաբար, նոյնիսկ երբ շահարկումներու վերաբերեալ որոշումներ կը կայացնենք իբրեւ ծնողք, վերահսկումը կը կատարուի անձերու կողմէ, որոնք լաւագոյն խորհուրդները կու տան մեզի եւ կը պաշտպանեն մեր, ինչպէս նաեւ` Քիրընի ապագան»:
Գեղեցիկ Արուեստը Կը Հակասէ
Վերացական Արուեստին
Քիրըն կը նախընտրէ աշխատիլ իւղաներկով, որովհետեւ անիկա «աւելի ներող է», քան` ջրաներկը: Անոր իւղանկարները յաճախ կը պատկերեն Նորֆոքի իր միջավայրը եւ Քոռնուոլի մէջ արձակուրդները:
«Կը նախընտրեմ գծել Նորֆոքի մէջ, որովհետեւ աւելի այլազանութիւն կայ հոն, քան` Քոռնուոլի մէջ,- կ՛ըսէ Քիրըն:- Հոն աւելի գեղեցիկ նաւահանգիստներ կան, իսկ Քոռնուլի մէջ` քաղաքամերձ շրջաններ եւ ախոռներ»:
«Գեղեցիկ արուեստը կը սիրեմ, որովհետեւ կը տեսնես, թէ ի՛նչ պատկերուած է: Չեմ կարծեր, որ պաստառի մը վրայ անձեւ վերացական բան մը գծելը արուեստ է»:
«Արուեստի քննադատներ կը սիրեն հիանալ եւ ըսել. «Օ՜ վրձնահարուածները կը տեսնենք»:
«Ես կը սիրեմ տեսնել պատկերը եւ տեսնել անոր դրուածքը բնանկարին մէջ», կը բացատրէ Քիրըն:
«Շատ բախտաւոր տղայ է,- կ՛ըսէ Քիրընի մայրը:- Սակայն, իբրեւ ծնող` պարզապէս պէտք է «ոչ» ըսենք բազմաթիւ բաներու, բնական կեանք մը տալու համար իրեն: Ամէնէն կարեւորը այն է, թէ ան կրնայ հաղորդակցիլ իր տարիքի մանուկներու հետ եւ տարբեր չի նկատուիր»:
Ուիլիըմսըն կ՛ըսէ, թէ Քիրընի գեղանկարներուն վաճառքին ընդհանուր գումարը «մօտեցած է» 1.5 միլիոն փաունտի, թէեւ ճիշդ գումարը չի գիտեր:
«Իրականութեան մէջ ժամանակ չեմ ունեցած հաշուելու, թէ ճիշդ որքա՛ն է գումարը,- կ՛ըսէ Ուիլիըմսըն:- Նման բաներ չենք ըներ, այնպէս չէ՞»:
«Քարի Պէս Ծերունին»
Անցեալ շաբաթ Նորֆոքի մէկ ցուցասրահին մէջ մանուկ գեղանկարիչին 24 գործերը վաճառուեցան 250 հազար փաունտի: 8 տարեկանին Քիրըն արդէն բաւարար դրամ ունէր` գնելու իր ծնողներուն քաղաքամերձ բնակարանը:
Վերջին 12 ամիսներուն Քիրըն կը փորձէր հաւասարակշռութիւն մը պահել կրթութեան եւ գեղանկարչութեան միջեւ: Ծնողները կը ծրագրեն «զարկ տալ տան մէջ դպրոցական կրթութեան` առիթ տալու համար Քիրընի, որ հետազօտէ իր ասպարէզը` կեանքի ներկայ հանգրուանին»:
Քիրըն աւարտած է գեղանկարներու նոր շարք մը, որ այս ամիս պիտի ցուցադրուի Նորֆոքի Հոլթ պատկերասրահին մէջ: Գեղանկարներուն շարքին է անակնկալ մը. Քիրընի 68 տարեկան մեծ հօր դիմանկարը, որ արտասուելու չափ յուզած է «քարի պէս ծերունին»:
«Բազմաթիւ գաղտնիքներ ունի պահած: Բաւական խորհրդաւոր անձ մըն է: Սկսաւ արտասուել, երբ տեսաւ դիմանկարը», կը պատմէ Քիրըն իր մեծ հօր մասին:
«Զայն գծեցի հետեւողութեամբ լուսանկարի մը, զոր առած էր մայրս: Կը դիտէի նկարը, կը մտածէի, թէ արդեօք ի՞նչ կրնայի գծել: Գտայ փնտռածս եւ ներշնչուեցայ: Մայրս նոյնիսկ տեղեակ չէր, թէ կը գծէի մեծ հայրս»:
Քիրընի մեծ հայրը` Ճեֆ Ուորիք-Ճեֆրիզ կ՛ըսէ. «Ես քարի պէս ծերունի մըն եմ, սակայն այս նկարը տեսնելով` աչքերս լեցուեցան»:
Ուիլիըմսընի համաձայն, իր զաւակը «ընտրած է դժուար ուղի» մը` իբրեւ արուեստագէտ: Սակայն ան վստահ է, որ անոր «գործերը ինքնին խօսուն են իրենց հասունութեամբ»:
«Անոնք, որոնք արուեստի քննադատութեան ակնոցով դիտած են անոր գործերը, անհաւատալիօրէն դրական արտայայտուած են, եւ իբրեւ ծնող` իմ պարտականութիւնս է անտեղեակ չպահել զինք. ան պէ՛տք է գիտնայ, թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ: Սակայն նաեւ պէտք է այս բոլորը լաւագոյն եզրերով բացատրեմ իրեն», կ՛աւելցնէ ան:
«Ցարդ ան շատ բախտաւոր է, որ անհաւատալի գնահատանքի արժանացած է եւ ինքզինք փաստած է վերջին 5 տարիներուն»:
«Մանկութեանդ կէսը լրատուամիջոցներու լուսարձակներուն տակ ապրիլը դժուար է»:
Քիրըն աւելի քան 30 նոր գեղանկարներ գծած է 2013-ի իր ցուցահանդէսին համար: Գիները կը տարուբերին 2450 փաունտի եւ 30245 փաունտի միջեւ: Այս նկարը մանրամասնութիւն մըն է Նորֆոք Պրոծի Ս. Պենեց վանքը պատկերող գեղանկարէն եւ կ՛արժէ 30245 փաունտ:Քիրըն 2009-ի յուլիսին վաճառած է 19 գեղանկար, իւրաքանչիւրը` մինչեւ 2000 փաունտի:
Այնուհետեւ, 2010-ին, հազիւ 25 վայրկեանի մէջ, ան վաճառած է 33 գեղանկար, իւրաքանչիւրը` 10 հազար փաունտի: Աշխարհի չորս կողմերէն գնորդներ 3 օր շարունակ գիշեր-ցերեկ նստած էին Հոլթ ցուցասրահին մուտքին` սպասելով ցուցահանդէսին բացումին:
Ցնցիչ 150 հազար փաունտի վաճառք մը արձանագրուեցաւ 2011-ի նոյեմբերին, երբ Քիրըն 17 վայրկեանի մէջ վաճառեց 12 գեղանկար: Մինչեւ հեռաւոր Թայլանտէն ժամանած գնորդներ կը սպասէին ցուցասրահին մուտքին:
Երիտասարդ արուեստագէտը 2012-ի յուլիսին վաճառեց 24 գործեր, որոնց նկարները տպուած էին իր առաջին գիրքին մէջ, որ կը կոչուի «Քամինկ թու լայթ»: Գիրքին առաջին հրատարակութիւնը սպառեցաւ 48 ժամուան մէջ:
«Կը սիրեմ ձմրան տեսարաններ գծել` խիստ լոյսին պատճառով, սակայն շատ կը սիրեմ հունձքի եղանակը, երբ դեղնաւուն կարմիրի երանգներ կը տեսնենք», կը բացատրէ Քիրըն:
«Կը սիրեմ իւղաներկով գծել, որովհետեւ շատ աւելի ներող է, քան` ջրաներկը. իրապէ՛ս լաւ մակերես մը կը ստանաս իւղաներկով»: