Արուեստի Աշխարհէն. «Արտասովոր» Վան Կոկ Մը` Գողցուած
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷԿ ԹԱՆԳԱՐԱՆԷՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԳՈՂՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՅԱՅՏՆԱՊԷՍ «ԾՈՒՌ» ԸՆԹԱՑԱԾ Է, ԵՐԲ ԳՈՂԵՐ ԻՐԵՆՑ ՀԵՏ ՏԱՐԱԾ ԵՆ ՆԱԵՒ ՎԱՆ ԿՈԿԻ ՄԷԿ ԳԾԱՆԿԱՐԸ, ՈՐ Կ՛ԵՆԹԱԴՐՈՒԻ, ԹԷ ԿԵՂԾ Է: «ՏԸ ԹԵԼԵԿՐԱՖ» ԿԸ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆԷ.
Պրիւքսելի մէկ արուարձանին մէջ Վան Պիւրենի թանգարանին պատասխանատուներուն համաձայն, յուլիսի կէսերուն 10 գեղանկարներ եւ 2 գծանկարներ ճարպիկօրէն գողցուած են 2 վայրկեանի մէջ:
«Բոլոր ահազանգերը հնչեցին, սակայն գողերը շատ արագ էին: Ամէն ինչ աւարտեցաւ երկու վայրկեանի մէջ», կ՛ըսէ թանգարանին արուեստի գործերու ցուցադրութեան պատասխանատուն:

Հոլանտացի գեղանկարիչ Քիս վան Տոնկընի «Մտածողը» գեղանկարը, որ գողցուած է Պրիւքսելի Միւզէ է ժարտեն վան Պիւրենէն, կ՛արժէ շուրջ 1.25 միլիոն եւրօ:
Գողցուած գործերը մեծ արժէք կը ներկայացնեն: Անոնց շարքին է հոլանտացի գեղանկարիչ Քիս վան Տոնկընի «Մտածողը» գեղանկարը, որ կ՛արժէ շուրջ 1.25 միլիոն եւրօ:
Սակայն գողերը այնքան ալ բախտաւոր չէին: Անոնք նաեւ ընտրած են աստիճաններուն քով կախուած «Գետնախնձոր կեղուող գեղջկուհին». գծանկար մը, որ թէեւ կը կրէր «Վան Կոկ» պիտակը, սակայն մասնագէտներ կը հաւատային, թէ կեղծ էր:
Անիկա մէկն էր Վան Կոկի այն գծանկարներէն, զորս հոլանտացի մասնագէտ Լիսպեթ Հինք առանձնացուցած էր եւ հետեւեալը գրած էր անոր մասին. «Մատիտին կանոնաւոր գիծերը կը մատնեն ընդօրինակողի մը յատուկ ուշադիր կեդրոնացումը: Կնոջ շրթները կարմիր ներկուած են, ինչ որ շատ արտասովոր պիտի ըլլար Վան Կոկի պարագային: Վան Կոկէն այլ գծանկարներ չունինք սրճագոյն նոյն տեսակի թուղթի վրայ, իսկ ստորագրութիւնը զեղծուած կը թուի ըլլալ»:
Հաւաքածոյին անձնական բնոյթին պատճառով կորուստները անփոխարինելի են Վան Պիւրենի թանգարանին համար. ոճաւորուած երկրաչափական գիծերով շքեղ բնակարան մը, որ լեցուն է արուեստի գործերով, զորս 1920-ական եւ 1930-ական տարիներուն հաւաքած են դրամատէր Տաւիտ վան Պիւրեն եւ կինը` Ալիս:
Գողցուած այլ գործերու շարքին են գեղանկար մը` Փիեթըր Պրոյկըլ կրտսերէն եւ պելճիքացի գեղանկարիչ Ճէյմս Էնսըրի «Կարիտոս եւ պատեաններ» գեղանկարը (գծուած` 1984-ին):


