Մտածումներ` Լիզպոնի Տղոց Յիշատակին Առիթով

ՆԱԶԱՐԷԹ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Կարծես ամէն բան այնպէ՛ս կ’ընթանայ, որպէսզի գոնէ այս մնացածը պահպանուի. հետզհետէ աւելի թեւատ, աննկարագիր ու խեղճուկ այս իրականութիւնը.մարմինը կամաց-կամաց ներսէն փճացնող այս անտարբերութիւնը, այս ընտելացումը:

Բայց հոգ չէ. կարեւորը ա՛նձն է, հիմա՛ն է, հաճո՛յքն է: Եւ` ոչինչ անկէ զատ, անկէ անդին, անկէ վեր: Ոչի՛նչ:

Մէյ-մէկ յիշողութիւններ, յիշատակներ, յիշատակումներ, անցեալէն եկած, եւ ալ` հետզհետէ պարտադրուածի համ տուող, ապրող իրականութեան հակասող: Սովորութեան սովորութիւնը:

Մէ՛կ կեանք` այս աշխարհի երեսին. զայն վայելե՛նք, անկուշտ: Ի՞նչ պիտի մնայ կեանքէն, եթէ ոչ ակնթարթային հաճոյքները, զորս ապրեցանք: Հաճոյքը մղիչ ուժ է: Կ՛ուզէի ըսել` գերագոյն մղիչ ուժն է: Նախ հաճոյք, յետոյ` դարձեալ հաճոյք. սխալ ի՞նչ կայ ասոր մէջ. բնական է, մարդկային:Բայց ի՞նչ է հաճոյքը:Կայ բնազդական հաճոյք, եւ կայ գիտակցական հաճոյք. կա՞ն այդ երկուքը, թէ՞ միեւնո՛յնն են: Կը թուի, թէ հաճոյքէն, վայելքէն զատ ուրիշ իմաստ չենք կրնար գտնել կեանքին մէջ: Այդպէս կը թուի: Կրնա՞նք գտնել:

Մահկանացուին մխիթարանքը: Պարզ բնազդ. գիտակից եւ անգիտակից:

«Կարեւոր չէ մեզի համար ո՛չ մահը, ո՛չ դրամը, ո՛չ ապագան, ո՛չ վայելքը:» Արա Քըրճըլեան:

Արան ալ երիտասարդ էր. ա՛յն ատեն, երբ ուրիշներ ալ երիտասարդ էին, ու հիմա մեր ծնողներն են: Մահը, դրամը, ապագան, վայելքը կարեւոր չեն, կ՛ըսէ: Անշուշտ, ի՛ր, անձնակա՛ն մահը, դրամը, ապագան, վայելքը: Իսկ մենք կ՛ըսե՞նք: Ժամանակները փոխուած են, եղեր. արժէքներու հասկացողութիւնն ալ փոխուած է, կ՛ըսեն: Անհատապաշտութիւնը ուժգնօրէն կը գործէ: Մենք չէզո՞ք ենք:

Արան անկեղծ է ու գերզգայուն: Ի՞նչը պիտի մղէր զինք այդքա՜ն կարեւոր բաներ անկարեւոր նկատելու: Մեզմէ ո՞վ կրնայ մահուընէ գուցէ փոքր վախ մը չունենալ, կամ դրամը աւելորդ մէկ թղթի կտոր նկատել, կամ տեսլական ապագայ մը բոլորովին մտքին մէջ չուրուագծել, կամ չցանկալ վայելել կեանքը:

Արան, իր երիտասարդ տարիքին, իր կեանքը միւսներուն պէս շարունակելու իրաւունքը չունէ՞ր, ընտրութիւնը չունէ՞ր: Ունէ՛ր: Այո՛, պատերազմ էր, բայց գաղթողները շատ էին, գաղութային պաշտպանութեան իրենց մասնակցութիւնը չբերողներ ալ կային: Ուրեմն ինչո՞ւ այսպէս կ՛ըսէ: Ինչո՞ւ չընտրեց այդ վայելքի կեանքը: Վասն ինչի՞. այնքա՜ն թանկ այդ դեռ գալու կեանքը:

«Երբ որ մենք կը խօսինք, մեր ապրումներն են, որ կ՛ըսենք: Երիտասարդութիւն մը կայ մէջտեղ, բոլորովին անտարբեր. ուրախութիւն, հաճոյք, այս է իրենց համար […] կեանքը: […] Մե՛նք ալ […] բնական կեանքը կ՛ապրինք, բայց մեզի համար բնական կեանքը, վայելքը, ծնողքը, սիրածը, ամէն բանը կարեւոր չէ, մինչեւ այն ատեն որ մենք օտարութեան մէջ ենք: Որեւէ մէկ բան մեզի կարեւոր չէ: Թո՛ղ երիտասարդը քիչ մը այլեւս ամչնայ, եւ թո՛ղ զգայ, որ ինքը այլեւս ճամբայ ունի քալելիք: Ինքը օտարութեան մէջ բան մը չէ»: Վաչէ Տաղլեան:

Օտարութիւն: Թէ՞ օտարում: Համատարած օտարում:

Վաչէն պինդ է. աչքերէն շա՜տ խոր ցաւ մը կը զգաս, շատ խոր, ոչ բոլորովին ըմբռնելի, բայց ցաւը այդտեղ է. տակաւին բաց ու շատ ցաւող վէրք մը: Պահը ճնշի՞չ է: Հարցի մը փնտռտուքի մէջ է: Իր շրջապատի իրականութեան, այդ օրերու իրականութեան հարցը, որ անցեալէն կու գայ. եւ անոր պատճառը:

Այն ատեն պատերազմ էր: Պատերազմը ահաւոր է. ի՞նչ ազդեցութիւն կ՛ունենայ զայն ապրողին վրայ, միայն անձը կրնայ զգալ: Կը թուի, թէ ա՛յն ատեն է, որ ինքզինքդ օտար կը զգաս, մարդկութենէ զուրկ, օտար` մանաւանդ օտարներու պատերազմին մէջ բռնուած: Հո՛ն է, որ ամէնէն ահաւոր հարուածը կը ստանաս, երբ կը գիտակցիս, որ քու կռիւն իսկ չէ ասիկա: Իսկ մեր կռիւը ո՞րն է: Ունի՞նք արդեօք մենք կռիւ մը:

Իսկ մեր օրերունը: Մեր օրերուն պատերազմները, Սուրիոյ կռիւները, օտարութեան վախճան մը. դէպի ուրի՞շ օտարութիւն մը, կրկնակի՞ օտարութիւն:

Իրականութիւնը` մերկ ու բնական այս իրականութիւնը: Կ՛ամչնանք զայն մատով ցոյց տալ, բայց կը փսփսանք, թաքուն կը խօսինք անոր մասին, շուրջը կը դառնանք, միայն թէ զայն չնեղացնենք: Կարծես թէ զայն շրջել կ՛ուզենք. կարծես թէ այդպիսի փափաք մը կայ. կա՞յ:

Մեզմէ ո՞վ ծնելու կամ չծնելու ընտրութեան առջեւ կը գտնուէր, կամ ազգութիւնը նախքան ծնիլն արդէն որոշած էր, կամ այն երկիրը, ուր պիտի ծնէր, ծնողքը, կրօնը, դաստիարակութիւնը… Հարցումներ, որոնք անհատի բացարձակ ազատութիւնը կը սահմանեն:

Այս տղաքը զոհուեցան: Զոհուեցան, մեռան: Ամբողջ կեանք մը զոհել. կը պատկերացնէ՞ք: Խորքին մէջ անոնք տակաւին գալիք կեանքն էր, որ կը զոհէին, ոչ անցածը: Բայց ինչո՞ւ: Շատ կը լսենք, կը կարդանք: Մեզի ըսած են, դեռ կ՛ըսեն: Իրա՛ւ. ինչո՞ւ:

Հայ ենք,կ՛ըսեն: Կ՛ըսենք: Լիբանանի մէջ… ինչ գիտնամ. որքա՞ն ենք, յիսո՞ւն հազար, վաթսո՞ւն: Ոմանք կ՛ըսեն հարիւր հազար: Բայց ժամանակին, գիտէք, երեք հարիւր հազար էինք: Հա՛պա. կշիռ էինք. էի՞նք: Հիմա չգիտնալը աւելի լաւ է, այդպէս կ՛ըսեն: Ի՞նչ փոյթ` քանի հոգի մնացած ենք. թիւ մը կը շրջի լեզուներուն վրայ, ի՞նչ փոյթ ամէնէն ճիշդ քանակը ո՛րն է: Չենք գիտեր, հարց չունինք: Գիտնանք, յետոյ ի՞նչ պիտի ըսեն մեր մասին ուրիշները, մե՛նք մեր մասին ի՞նչ պիտի ըսենք: Յետոյ արդէն քանակն ալ կարեւոր չէ, չէ՞:

Այս տղաքը զոհուեցան 30 տարի առաջ, «յանուն ազգի ազատութեան»: Ազգի ազատութիւն: Ազգը ինչէ՞ն կ՛ուզէին ազատել, ինչէ՞ն պէտք էր որ ազատէր, պէտք է որ ազատի, ազգը: Արտաքին նպատակը յստակ էր. Հայկական հարցը վերստին ապրող իրականութիւն դարձնել. ամփոփ: Բայց ներքին իմաստով պատգամ մը չէ՞ր ընդգրկեր գործողութիւնը: Նո՛յն այդ արտաքին նպատակը նաեւ ներքին ալ չէ՞ր: Ի՞նչ կ՛ուզէին մեզի փոխանցել, որ ուրիշ ձեւով չէին կրնար փոխանցել: Ի՞նչը կ՛ուզէր յեղափոխել այդ հայ բանակը տղոց: Իսկ բանակ, ընդմիշտ շարժող ու հերոս բանակ դարձա՞նք ի վերջոյ:

Ցնցումը ահաւոր էր, մինչեւ հիմա կը զգացուի, արդէն` շատ աւելի թեթեւ ու ամչկոտ, բայց կը զգացուի, քանի դեռ վէրքը բաց է: Հայրենազրկման վերքը: Օտարութեան վէրքը:

Տղաքը կը հաւատային, անկեղծ կը հաւատային, որ իրենցմէ ետք պայքարը պիտի շարունակենք: Կը շարունակե՞նք: Երգեցինք, երդուեցանք իրենց անբիծ պատուով, որ պիտի շարունակենք պայքարը: Կը շարունակե՞նք. ի՞նչ պայքար, ո՞ր պայքարին մասին է խօսքը: Պայքար` օտարութեան մէջ դիմանալո՞ւ: Ա՞յս էր պայքարը, որ պէտք էր շարունակէինք:

Զգացական ազգ եղանք, շատ զգացական: Ցնցումներ, ահաւոր ցնցումներ, խոր ցաւցնող դէպքեր պէտք է պատահին, կարծես, որ արտաքին, ֆիզիքական շրջումով մը մենք ալ շրջուինք, մեր ներսը շրջուի, եռայ, տագնապի, հանգուցալուծել-հանգուցալուծուիլ փորձէ, գէթ` կարճ ժամանակի մը համար: Ներքին գոհունակութիւն մը կը զգանք տարին քանի մը անգամ հաւաքուելով, պոռալով, քիչ մըն ալ` երգելով, հայհոյելով, կամ` նոր բարեկամութիւններ ընելով, եթէ բանախօսները ձանձրացնեն: Ամչկոտ գոհունակութիւն մը, մխիթարանք մը, առանց իսկապէ՛ս գոհ ըլլալու, հանգիստ զգալու, բան մը կատարած զգալու:

Այս տարի ալ պիտի հաւաքուինք, տղոց յիշատակին: Յիշատակը վառ պէտք է պահել, պէտք է յարգել. այդպէս կ՛ըսեն, կը մտածենք: Պէ՞տք է: Պէ՛տք է, բայց ժողովուրդը զայն իբրեւ պէտք մը կ՛ընկալէ՞: Ապրիլ 24-ին աւելին պէտքը կը զգայ ներկայ ըլլալու, մասնակցելու: Ինչո՞ւ: 24-ի դէպքը աւելի ծանր է ու համազգային, բայց օրը նաեւ պահանջատիրական է, գէթ ապրող պայքարի  ձեւը ունի: Բայց, կարծես թէ, միայն այդ օրն է, եւ վե՛րջ: Իսկ տղաքը նոյն այդ պայքարի ճամբուն վրայ չինկա՞ն: Սա կը նշանակէ, թէ պայքարը չենք կրցած ապրող իրականութեան վերածել. կա՛ն շատ հարցեր, բայց չկայ համակարգուած ու ի վերջոյ մէկ գերագոյն նպատակի յանգող պայքար, իսկական պայքար, ապրող պայքար. որուն հասարակ հայն ալ այս կամ այն ձեւով առնչուած պիտի զգար: Կա՞յ արդեօք, անոր առնչուած կը զգա՞նք` որպէս շարունակուող ու ապրող գործընթաց:

Յիշատակը անոնց, որ ինկան. յիշատակը, մեր էութեան խորը, ա՛լ հետզհետէ վերացական ու թոյլ յիշատակը բռնագրաւուած հայրենիքի, տակաւին բաց վէրքի մը. ապրող լիիրաւ պայքարի մը բացակայութեան:

Կէս-կէս, անկատար իրականութեան մը մէջ ապրիլը յոգնեցուցիչ կը դառնայ հետզհետէ: Ճնշիչ է. օտարութի՛ւնը: Գոհ ենք եւ դժգոհ: Կ՛ուզենք վերադառնալ, չենք կրնար: Ա՛լ չենք խօսիր անվերադարձ մեկնողներուն, կամայ թէ ակամայ ձուլուողներուն մասին. մեղաւո՞ր են: Ժամանակը կը սահի, մեզմով կամ առանց մեզի. կեանքը կը սահի. 30 տարի անցած է արդէն: Բայց միշտ պակաս, անկատար բան մը կը զգանք մեր կէս-հայեցի կէս-տեղացի կեանքին մէջ: Միշտ պարապի մը կը հանդիպինք. կը թուի, թէ անկար ենք լեցնելու զայն: Որքան ալ հայեցի դաստիարակութեամբ հասակ նետած ըլլանք, կը թուի, թէ անկատար ինքնութեան մը կրողն ենք եւ պարտաւորութիւնը կը զգանք այդ անկատարութիւնը ժառանգելու:

Կա՛մ պիտի պայքարինք, իրա՛ւ պիտի պայքարինք` պարտադրուած այս իրականութիւնը փոխելու, օտարութիւնը մեր ուսերէն թոթուելու, հայրենիքին վերատիրանալու, կա՛մ պիտի չպայքարինք: Կէս-կէս չի ստացուիր: Անկատար գոյութիւնը մեր անվերջ քաշքշել` չստացուիր: Կեանքի հեւքը, օրուան հացը եւ հաճոյքը իրենց օրէնքները կը պարտադրեն մեր մարդկայնութեան վրայ: Բնական է: Բայց ի վերջոյ պէ՛տք է թօթափել այս բեռը մեր ուսերէն, այս անպատկան զգալու իրականութիւնը: Եթէ այդ պէտքը ա՛լ չենք զգար, ուրեմն ինչո՞ւ պայքարիլ, վասն ինչի՞: Պայքարը օտարութեան դէմ, պայքարը հայ մնալու ու գոյատեւելու` իբրեւ հայ: Անհատէն անդին է ատիկա, չէ՞. ա՛զգը, իբրեւ տեւող ինքնութիւն: Ժամանակի գործօնը կայ հոն, սերունդներու իրերայաջորդ ինքնութեան պահպանումը: Քանի որ անիկա արժէ՛ք է, նախ եւ առաջ, մարդկայի՛ն արժէք է: Հարստութի՛ւն է:

Կ՛ուզե՞նք, չէ՞, գոյատեւող ազգ մը ըլլալ: Իրաւ. կ՛ուզե՞նք: Եթէ այո, ուրեմն պէտք է հզօրանալ, երբեմն նաեւ ուրիշին հաշուոյն, բայց` ոչ անպայման եւ ընդմիշտ: Բայց պէտք է հզօրանալ: Բնական պայման է գոյատեւելու: Բայց այդ հզօրացումը մեր սփիւռքեան հետզհետէ խեղճուկ գոյութիւնները քաշքշելով չ՛ըլլար, այլ` մեր սփիւռքեան հնարաւորութիւնները օգտագործելով, եւ կարգապահ ու հետեւողական ձեւով շնորհելով հայրենի բնակչութեան (ՀՀ, Ջաւախք, Արցախ) զարգացման ու բազմացման. քանի հայրենիքի ազատագրութեան ճամբան նախ կ՛անցնի արդէն իսկ ազատագրուած ու հայութեամբ բնակուած հողերով. անոնցմով կը հզօրանանք ու ապա կ՛անցնինք ամբողջական հայրենիքի կերտման. իսկ հակառակը, ի՞նչ կ՛ըսէք, կարելի՞ է, գործնապէս կարելի՞ է:

Վերջապէս, ըլլանք անպայման առարկայական մեր հաւաքական ներդրումներուն մէջ, եւ ո՛չ զգացական, պարզապէս հաւատքով ու յոյսով, առանց առարկայական-նիւթական զէնքերու, ստանալու համար միայն գործ մը կատարելու գոհունակութիւն մը:

Բռնագրաւուած հայրենիքի, անոր հետ բռնագրաւուած ինքնութեան դատ ունինք հետապնդելու. եւ ո՛չ կորուսեալ կամ պատմական, ինչպէս մեր դպրոցներուն մէջ կը սորվինք ու յաճախ կը լսենք ու կը կարդանք: Այդ բռնագրաւուածութեան գիտակցումը կարծես թէ,  գիտակցաբա՞ր, թէ՞ անգիտակցաբար, ջնջած ենք մեր հաւաքական հոգեբանութենէն: Այդ հողամասը թաղած ենք կարծես անցեալի մէջ եւ զայն սեպած` ընդմիշտ կորսուած: Չէ՛, այդպէս չէ: Տղաքը կը հաւատային. այդպէս չէ. գործողութիւնը իսկապէ՛ս հերոսութիւն էր. բայց մենք, իրենց պէս` հերոսաբար, շարունակեցի՞նք պայքարը:

Ուշ չէ տակաւին:

Իսկական հերոսութիւնը յարաբերաբար խաղաղ պայմաններու մէջ հզօրանալն է, եւ որեւէ գոյութենական վտանգը կանխելն է եւ ո՛չ այս կամ այն ցնցումի ազդեցութեան տակ հայրենասիրութիւն ի գործ դնելը ու հաւաքական ժամանակաւոր կիրքին ընթացքին հերոսութիւն ցուցաբերելը: Ուրիշ Լիզպոնի ու նմաններու հերոսութեան չսպասենք, որպէսզի մենք ալ ժամանակաւորապէս հերոսանանք, այլ վճռակամ ու առարկայական քայլերով հզօրանանք, որպէսզի ապագային կանխենք օտարութեան մէջ տառապող այս տիպի հերոսներու կորուստը: Մենք ապրող ու վարակող հերոսներու պէտք ունինք:

Ծանօթագրութիւն.

*Դիտելով արձանագրուած տեսերիզ մը, ուր հինգ տղաքը իրենց սրտի խօսքերը կը յայտնեն

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )