Լիզպոնի Գործողութիւնը Երեւանէն Դիտուած

Հայաստանի պատերուն վրայ…

Լիզպոնի գործողութիւնը կարելի է սեպել հայկական զինեալ պայքարի գագաթնակէտներէն մէկը: Արդարեւ, հինգ հայ երիտասարդները իրենց մատղաշ հասակները զոհեցին յանուն իրենց հայրենիքին, յանուն Հայ դատի միջազգայնացման աշխատանքին:

Լիզպոնի գործողութեան 30-ամեակին առթիւ «Զաւարեանական էջ»-ը ուզեց լուսարձակները փոխադրել Երեւան եւ ներկայացնել Հայաստանի հանրութեան, երիտասարդութեան եւ աշակերտութեան ճանաչողութիւնը դէպի այդ գործողութիւնը, ինչպէս նաեւ` այդտեղ այս ուղղութեամբ կատարուող եւ կատարուելիք աշխատանքները: Այս նպատակով «Զաւարեանական Էջ»-ը զրոյց մը ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի Լիզպոնի յանձնախումբի անդամ  Սիմոն Գաֆալեանին հետ:

Ժողովուրդի Ճանաչողութիւն

Սիմոն Գաֆալեան նշեց, թէ Հայաստանի երիտասարդութիւնը եւ ընդհանրապէս հանրութիւնը բացարձակապէս ոչ մէկ տեղեկութիւն ունին Լիզպոնի գործողութեան մասին: Միայն ՀՅԴ պատանիները, երիտասարդները եւ Դաշնակցութեան անմիջական համակիրներն են,  որոնք լաւապէս ծանօթ են դէպքին: Այս իմաստով անցեալ տարի ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպեց ձեռնարկ մը` նուիրուած Լիզպոնի գործողութեան, Կոմիտասի այգիին մէջ: Այս ձեռնարկը իր կարգին որոշ չափով նպաստեց դէպքի ծանօթացման, մասնաւորաբար` այդ շրջանէն անցնողներուն մօտ:

Ան աւելցուց, թէ անոնք, որոնք տեղեակ են Լիզպոնի գործողութեան մասին, խոր յարգանք կը տածեն անոր հանդէպ. իսկ անոնք, որոնք նոր կը տեղեկանան, առաւել եւս կը յարգեն Լիզպոնի տղաքը: Այս վերջինները կ՛ընդունին, թէ պարզապէս տեղեակ չէին Լիզպոնի դէպքին մասին:

Ծրագիրներ

Այս տարի որոշուեցաւ Լիզպոնի գործողութեան 30-ամեակը յատուկ շուքով նշել, որպէսզի Հայաստանի քաղաքացին իրազեկ դառնայ անոր մասին:

Այս նպատակով է, որ յունուար-փետրուար ամիսներուն ՀՅԴ ԳՄ-ը յառաջացուց Լիզպոնի յատուկ յանձնախումբ: Ասոր կողքին, ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւնն ալ, իր կարգին, յառաջացուց Լիզպոնի յատուկ յանձնախումբ` ամբողջացնելու համար վերոյիշեալ յանձնախումբին գործը:

Պռօշեանի Ծրագիր

Այս զոյգ յանձնախումբերը առաջին հերթին հանդիպեցան Պռօշեանի գիւղապետ, վերջերս անարգ ոճիրի զոհ գացած Հրաչ Մուրադեանին հետ, գիւղին մէջ Լիզպոնի նուիրուած յուշակոթող մը կառուցելու կապակցութեամբ: Ընտրուած էր Պռօշեանը, որովհետեւ այդ գիւղին մէջ թաղուած են արցախեան ազատամարտիկներ, որոնց կարգին` Պետոն, ինչպէս նաեւ այդտեղ կայ անհետ կորած Կարօտին արձանը: Պռօշեանի պանթէոնի կողքին պիտի կառուցուէր Լիզպոնի մարտիկներուն նուիրուած յուշակոթողը: Իսկ պանթէոնին ետեւը պիտի կառուցուէր ոչ միայն Լիզպոնի, այլ նաեւ մնացեալ բոլոր ազատամարտիկներուն նուիրուած թանգարան: Թանգարանէն մաս մը պիտի յատկացուէր Կարօտի, Պետոյի եւ պռօշեանցի այլ ազատամարտիկներու. այնտեղ պիտի ցուցադրուէին տղոց զինուորական տարազներն ու այլ իրերը: Թանգարանէն մաս մըն ալ պիտի տրամադրուէր Լիզպոնի տղոց: Թանգարանը նաեւ պիտի ունենար սրահ մը` 100-120 հոգիի համար, որպէսզի այդտեղ կարելի ըլլար կազմակերպել դասախօսութիւններ, սեմինարներ, տեսերիզի ցուցադրութիւններ: Այսպէս, թանգարանը կը վերածուէր մշտապէս օգտագործուող ուխտատեղիի: Նախքան Հրաչ Մուրադեանի սպանութիւնը` աշխատանքները արդէն իսկ սկսած էին:

Այստեղ Սիմոն Գաֆալեան մատնանշեց դէպք մը. այդ շրջանին «Երկիր մետիա» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդում մը ունէր Պռօշեանի վերաբերեալ. այդ հաղորդումին ընթացքին, երբ Հրաչ Մուրադեանին հարց կու տան ապագայ ծրագիրերու մասին, ան կ՛անդրադառնայ շրջանի թանգարանին եւ Լիզպոնի տղոց նուիրուած յուշակոթողին մասին: Քանի մը օր ետք Հրաչ Մուրադեան հեռաձայն կը ստանայ թերթի խմբագիրէ մը, որ կը հարցնէ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է առանց պռօշեանցի ազատամարտիկներուն ծնողներուն հարցնելու իրենց պանթէոնին մօտ «միջազգային տեռորիստներ»-ու նուիրուած յուշակոթող կանգնեցնել: Բաւական սուր խօսակցութիւն տեղի կ՛ունենայ Հ. Մուրադեանի եւ խմբագիրին միջեւ: Աւելի ուշ Սիմոն Գաֆալեան կ՛այցելէ խմբագիրին եւ կը բացատրէ, թէ Արցախեան ազատամարտիկներուն` Պետոյի, Կարօտի պատրաստութեան շրջանին անոնք իբրեւ օրինակ կ՛ունենային Լիզպոնի մարտիկներուն ոգին ու անձնազոհութիւնը` այլ հերոսներու օրինակին կողքին: Եւ այստեղ արդէն խմբագիրը կ՛ընդունի, որ սխալած է, որ ինք տեղեակ չէ եղած, պարզապէս համացանցէն ստացած է իր տեղեկութիւնները: Այսպէս, խմբագիրը ու ընդհանրապէս հասարակութիւնը տեղեակ չեն եւ երբեմն սխալ կարծիք կը կազմեն Լիզպոնի դէպքին մասին: «Մենք միասին պէտք է պայքարինք, որպէսզի աշխարհին փաստենք, որ այս տղաքը տեռորիստ չեն, եւ ասոր փաստը իրենց արարքն է, անմեղ մարդիկը դուրս դրին եւ իրենք իրենց ածխացուցին դատարկ սենեակի մը մէջ: Ինչպէ՞ս կարելի է այս մարդիկը ներկայացնել որպէս տեռորիստ, չէ՞ որ կրնային յանձնուիլ եւ աւելի ուշ ուրիշ գործողութիւն ընել եւ կամ հերոսանալ:

Սիմոն Գաֆալեան շարունակեց. «Մեր հիմնական նպատակը այն է, որ հայաստանցիին եւ սփիւռքահայու միջեւ եղած տարբերութիւնները շրջանցենք:  Պետութիւնը պէտք չէ հոգայ ու տէր կանգնի միայն Արցախի ազատամարտիկներուն, այլ նաեւ տէր կանգնի սփիւռքի մէջ պայքարած  մարտիկներուն: Մենք պիտի փորձենք Լիզպոնի գործողութիւնը պետականացնել եւ ոչ թէ կուսակցականացնել: Կրնայ ըլլալ, որ պետութիւնը միջազգայնականօրէն ուղղակի չյայտարարէ, իրաւունք ունի, մենք ալ չենք ուզեր, որ որեւէ բիծ կամ կէտ ըլլայ մեր պետութեան վրայ:  Բայց  դժբախտաբար իշխանութիւնները կը փորձեն այս հարցը քաղաքականացնել. բոլորովին չեն մերժեր, բայց կը ձգձգեն: Հարցը կ՛անցնի պետական մէկ կառոյցէն միւսը: «Արտաքին գործոց նախարարութեան կարծիքը պէտք է առնել,- կ՛ըսեն- որպէսզի ստուգենք, եթէ հիմա այսպիսի արարքի որդեգրումը յարմա՞ր է, թէ՞ ոչ»: Մինչ այդ, բնականաբար, շատ երկար ժամանակ կը վատնեն, թող տեսնեն Ալիեւը, որ անտեսելով միջազգային կարծիքը` ոճրագործ Սաֆարովը հերոսացուց, իսկ մենք մեր հերոսներուն յուշակոթողը իրենց նահատակութենէն երեսուն տարի ետք կագնեցնելու համար այսքան կը պայքարինք»:

Այս տարուան նախաձեռնութիւններ

«Յուլիս 27-ին ժամը 12:00-ին կազմակերպած ենք հոգեհանգիստ կաթողիկոսարանի հովանիին տակ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ տաճարին մէջ: Ժամը 2:00-ին պատանիները Համազգային թատրոնին մէջ Լիզպոնի գործողութիւնը պիտի ներկայացնեն: Համազգայինի թատրոնէն անդամի մը գլխաւորութեամբ պատանիները օրական երկու ժամ փորձեր կը կատարեն բարձրորակ ելոյթ ունենալու համար: Ատկէ ետք կ՛ուզէինք յեղափոխական երգերու երեկոյ մը կազմակերպել, բայց որպէսզի Համա-ՀՄԸՄ-ական խաղերու բացումը չխաչաձեւենք, որոշեցինք, բացման ընթացքին արտասանուի Լիզպոնի տղոց մասին խօսք եւ քանի մը երգերու կողքին տեղի ունենայ նաեւ գուսան Հայկազունի արեւելահայերէնով գրուած Լիզպոնի մասին երգի նոր անդրանիկ կատարումը: Գալով Հայաստանի երիտասարդական միութեան, ապա անոնք իրենց ձեռնարկը պիտի կատարեն յուլիս 26-ին: Քաղաքի տարբեր կողմերէն, տարբեր կարգախօսներով քայլարշաւ պիտի կատարուի դէպի կեդրոն, ուր Կարապի լիճին մօտ տեղի պիտի ունենայ մոմավառութիւն եւ տեսերիզներու ցուցադրութիւն:

Նաեւ կաթողիկոսութեան առաջարկեցինք յուլիս 27 հռչակել նահատակի օր, անկախ թէ նահատակը ինչ պայմաններու տակ մահացած է. այսպէս, ամսուն 27-ը սփիւռքի համար Լիզպոն կը նշանակէ, իսկ Հայաստանի մէջ  ան կը վերածուի  բոլոր նահատակներու օրուան: Այսպէս, սփիւռքը եւ Հայաստանը ձեւով մը կը կապուին իրարու»:

Լիզպոնը ներառել դաստիարակչական ծրագրի մէջ

«Դժբախտաբար Հայաստանի աշակերտութիւնը երբեք տեղեակ չէ Լիզպոնի դէպքին մասին, որովհետեւ պատմութեան դասագիրքերը կ՛անտեսեն այդ արարքը: Ասոր համար է նաեւ, որ կ՛ուզենք Լիզպոնի գործողութիւնը պետականացնել: Այսպիսի բան մէկ նախարարի գործ չէ, անվտանգութեան հարց կայ: Պէտք է հարցերը սեղանին վրայ դնել եւ մշակել այնպիսի բան, որ աշակերտները տեղեակ ըլլան` առանց պետութեան որեւէ վնաս հասցնելու:

Մենք նաեւ ծրագիր ունինք բանակային զօրանոցներու մէջ անկիւն մը ունենալ` նուիրուած Լիզպոնի տղոց»: Այսպիսով, բանակայինները եւս կը սկսին ծանօթանալ Լիզպոնի գործողութեան: Ի հարկին նաեւ ծանօթացման դասախօսութիւններ կարելի է տալ բանակայիններուն, որպէսզի անոնք հասկնան Լիզպոնի տղոց նուիրուածութիւնը: «Տղաքը  անձնազոհութեան կ՛երթային: Հետեւաբար այս իմաստով Լիզպոնը շատ անհրաժեշտ է աշակերտին ու բանակայինին դաստիարակութեան համար: Այսօրուան նոր սերունդը ի՞նչ իտէալներով պիտի դաստիարակուի, եթէ ոչ` Լիզպոնի նման գործողութեամբ»:

«Բոլոր այս ծրագրերը կան, երկխօսութիւնը կայ, բայց չենք յաջողած հասնիլ ճիշդ բանալիին եւ կը զարմանանք, թէ ինչո՛ւ այսքան պիտի չարչարուինք յուշակոթող մը կանգնեցնելու կամ դասագիրքերու մէջ Լիզպոնը չանտեսելու, երբ տղաքը գացին ու զոհեցին իրենց ամէնէն թանկագինը, տղաքը ազնիւ, պարկեշտ ու օրինակելի դաշնակցական ընկերներ էին, որոնք զոհուեցան իրենց պարտականութիւնը կատարած ատեն: Ասկէ աւելի յարմար բան չկայ սերունդ դաստիարակելու համար. կը յուսանք, որ Հայաստանի իշխանութիւնները ճիշդ գնահատեն Լիզպոնի տղաքը, եւ այսպէս, Հայաստանը սկսի սփիւռքը ներառելու իր մէջ»:

Այսպէս կը տեսնենք, թէ Լիզպոնի տղոց պաշտած Հայաստանին մէջ մեր հայրենակիցները այնքան ալ ծանօթ չեն Լիզպոնի դէպքին, եւ ծանօթացման աշխատանքն ալ կը հանդիպի բաւական դժուարութիւններու: Այստեղ մեղքը պէտք չէ միայն բարդել մեր հայրենակիցներու վզին: Անհերքելի փաստ է, որ Հայաստան-սփիւռք փոխճանաչման կարիք ունին տակաւին: Եւ այդ լիիրաւ փոխճանաչումը պէտք է դառնայ առաջնահերթութիւնը թէ մեր հայրենի իշխանութիւններուն եւ թէ՛ սփիւռքի կազմակերպութիւններուն: Հայրենի հասարակութիւնը պէտք է քաջատեղեակ ըլլայ սփիւռքի պատմութեան եւ հարցերուն, իսկ սփիւռքի հայ հասարակութեան առօրեային մաս պէտք է կազմեն հայրենիքի հոգերը: Միայն այս փոխճանաչումով է, որ կրնանք գոյատեւել որպէս ազգ, միայն Հայաստան-սփիւռք ամուր կապով է, որ կրնանք զօրացնել մեր պետականութիւնը եւ յառաջ տանիլ այն դատը, որուն համար իրենց կեանքը զոհեցին Լիզպոնի տղաքը:

 

Share this Article
CATEGORIES