Հայկական Նոր Ցուցասրահ Քոնեաքի Մէջ
Յուլիսի սկիզբին Ֆրանսայի Քոնեաք քաղաքը արտակարգ եռուզեռի մէջ էր: Պանդոկները լեցուն էին, իսկ ժողովուրդէն մաս մը ժամանակաւոր բնակութիւն հաստատած էր վրաններու տակ: Այս անգամ պատճառը միայն քոնեաք համտեսելը չէր, այլ այդ օրերուն (յուլիս 2-7), քաղաքի բացօթեայ տարբեր բեմերու վրայ տեղի կ՛ունենային երաժշտական ամէնօրեայ փառատօներ` նախաձեռնութեամբ Քոնեաքի քաղաքապետ Միշել Կուրինշասի եւ աջակցութեամբ Անկուլեմ եւ Պորտօ քաղաքապետութիւններուն:
Բոլոր ելոյթներն ալ անցան խանդավառ մթնոլորտի մէջ, բազմահազար երաժշտասէրներու ներկայութեան: Յատկանշական էին, սակայն, փակման ելոյթները, որոնք տեղի ունեցան յուլիսի 7-ին, Շարանթ գետի ափին` կառուցուած դղեակի մը` Շաթօ տը Շաթընէյի բակը:
Առաւօտեան ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 10:00-ը յաջորդաբար ելոյթ ունեցան ճազի եւ պլուզի երաժշտական չորս խումբեր` «Պլուզ փեշըն» ընդհանուր խորագիրին տակ. ինչպէս «Լիոն նիուըրս էտն տը կոսթ պենտ», «Սիլինա Ճոնսըն» (Միացեալ Նահանգներ), «Էլիս Ռուսել» (Անգլիա) եւ Ռայ Քոլինզ հաթ քլապ»(միջազգային):
Ճազ եւ պլուզ երաժշտական աշխարհներուն մէջ տիրական դէմքեր դարձած յիշեալ երգիչ-երգչուհիները, իրենց ինքնատիպ եւ բարձրորակ մեկնաբանութիւններով ամբողջ օր մը հմայեցին ու կախարդեցին ներկաները, որոնց մէջ քիչ չէր թիւը զբօսաշրջիկներուն:
Ֆրանսան հարուստ է միջնադարեան դղեակներով: Ասոնցմէ շատեր կը շարունակեն արտադրել խմիչք, որ մեծապէս գնահատուած ու փնտռուած է ամբողջ աշխարհի տարածքին: Քոնեաք շրջանը սակայն իր բնակլիմայական նպաստաւոր պայմաններուն շնորհիւ յատուկ դեր եւ նշանակութիւն ունի աշխարհի խմիչքի արտադրութեան մէջ: Երկար տարիներ քոնեաք կ՛արտադրուէր նաեւ Շաթօ տը Շաթընէյի մէջ, որ այսօր լրիւ վերանորոգուած ու կերպարանափոխուած է: Առանց արտաքին տեսքը չնչին տոկոսով իսկ եղծելու` դղեակը վերածուած է ժամանակակից եւ հանգստաւէտ պանդոկի եւ քոնեաքի ակումբի. սակայն գնահատելու եւ պահպանելու համար Շաթօ տը Շաթընէյի պատմամշակութային նշանակութիւն ունեցող գեղարուեստական արժէքը, տնօրէնութիւնը որոշած է զայն վերածել մշակութային կեդրոնի, բառին լայն իմաստով: Հոս տեղի պիտի ունենան տարեկան երաժշտական փառատօներ, օփերայի եւ պալէի ներկայացումներ, գրական երեկոներ, կերպարուեստի գիտաժողովներ, նորաձեւութեան ներկայացումներ եւ նմանօրինակ այլ մշակութային ձեռնարկներ, որոնց շարքին նաեւ հայկական դասական երաժշտութեան,պարարուեստի ներկայացումներ եւ կերպարուեստի ձեռնարկներ: Արդէն իսկ դղեակին առաջին յարկը վերածուած է գեղարուեստի մնայուն պատկերասրահի, ուր տեղի պիտի ունենան նաեւ ամէնամեայ առանձին ցուցահանդէսներ, մեծաւ մասամբ` հայ կերպարուեստագէտներու: Տրուած ըլլալով, որ կերպարուեստի բաժինը վստահուած է «Նոազ Արք» ցուցասրահին, պատկերասրահը մկրտուեցաւ «Կալըրի արք տը Նոէ Շաթընէյ», որուն կազմակերպած առաջին ցուցահանդէսի բացումը տեղի ունեցաւ յուլիսի 8-ի երեկոյեան, շրջանի ականաւոր դէմքերու, լրագրողներու, արուեստագէտներու եւ արուեստասէրներու խուռներամ բազմութեան մը ներկայութեամբ:
Ցուցադրութեան դրուած էին «Նոազ Արք»-ի հաւաքածոյէն քսան կերպարուեստագէտներու յիսուներկու ստեղծագործութիւններ, զորս կարելի է բաժնել տարբեր խմբաւորումներու: Նախ նկատի առնուած են դղեակի ոճին ու ժամանակաշրջանին յարիր ստեղծագործութիւններ, որոնք մաս պիտի կազմեն Շաթօ տը Շաթընէյի մնայուն հաւաքածոյին ու մշտապէս պիտի ցուցադրուին տարբեր սրահներու մէջ: Ինչպէս Թէօֆիլ Պեռնէ, Ֆրանզ Քրուկըր, Ֆերտինան Մարինուս, Գառզու եւ այլն: Տրուած ըլլալով, որ անհեթեթ գերիրապաշտներէն շատեր կը ներշնչուին ուշ վերածնունդի ժամանակաշրջանէն ու միջավայրէն, ապա անոնց ստեղծագործութիւնները հեշտութեամբ մերուեցան դղեակի ոճին ու ձեւաւորմնան հետ, ինչպէս. Շեմիաքին, Ռուբէն Աբովեան, Վահրամ Տ., Գէորգ Եղիազարեան, Եուրի Ցվեթայեւ, Պերճ Չաքեճեան, Ժան Գազանճեան, Դաւիթ Տ. եւ այլն: Սուրէն Ոսկանեանը իբրեւ արդի վիպապաշտութեան եւ Էդիկ Բերդեանը իբրեւ տպաւորապաշտութեան ներկայացուցիչներ, իրենց հերթին առանձնապէս հետաքրքրութիւն ստեղծեցին եւ գնահատուեցան այցելուներու կողմէ. Առաջինը` իբրեւ կին էակի մերկութիւնը արժեւորող եւ կնոջական իրաւունքները պաշտպանող, իսկ երկրորդը` իբրեւ կոյս բնութիւնն ու չեղծուած մարդը միաձուլող, մարդկային իրաւունքները պաշտպանող արուեստագէտներ:
Իսկ Եուրոզի մասին հարկաւոր է խօսիլ առանձինն, որովհետեւ ան խորանարդապաշտութիւնը վերանորոգեց ու վերարժեւորեց` օժտելով զայն վառ գուներանգներով, կերպերու առաւել շարժունակութեամբ եւ խորհրդանշաններով :
Ցուցադրութեան դրուած էին նաեւ տարբեր դպրոցներու եւ տարբեր ոճերու պատկանող հոյլ մը քանդակագործներու ստեղծագործութիւնները, որոնք իրենց հերթին յաւելեալ շուք տուին ցուցահանդէսին եւ բարձր գնահատանքներու արժանացան, ինչպէս` Ալեքս Քոչար, Խաւիէ Ասթորկօ, Մարսելլա Քազապուրի, Արամով եւ այլն:
Տոմեն տը Շաթընէյն արդէն իսկ սկսած է վերածուիլ արուեստի կեդրոնի, որուն մէջ իր շօշափելի դերը պիտի շարունակէ կատարել «Կալըրի արք տը Նոէ Շաթընէյ» ցուցասրահը` տրամադրելով անոր «Նոազ Արք»-ի մնայուն արժէք ներկայացնող նմուշներէն:
ԹՂԹԱԿԻՑ