Իրավիճակը Դամասկոսի Մէջ. Ուժգին Պայթում` Ժարամանա Շրջանին Մէջ

Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը կը նշէ, որ վերջերս Դամասկոսի ապահովական զարգացումներուն առնչութեամբ տիրականը խաղաղ թաղամասերուն վրայ ինկող հրասանդի հրթիռներն են:

Նախորդ օրերուն պատերազմական օդանաւերը եւ թնդանօթները օրուան ընթացքին կը հարուածէին զինեալ խմբակներու կեդրոնները:

Միւս կողմէ, Դամասկոսի արեւելեան մուտքը նկատուող Ժոպար-Ապպասիին Քարաժաթ շրջանին մէջ արձանագրուեցան ծանր մարտեր, որոնց ընթացքին սուրիական բանակը կը փորձէր Ապպասիին Քարաժաթ շրջանին կողմէն զինեալ խմբակներու ներթափանցումը կանխել:

Իսկ երէկ կէսօրէ ետք Դամասկոսի արուարձաններէն Ժարամանայի Սիուֆ հրապարակին վրայ ականուած ինքնաշարժ մը պայթած է` արձանագրելով տասնեակ մը զոհեր, բազմաթիւ վիրաւորներ եւ նիւթական վնասներ: Զոհերուն եւ վիրաւորներուն շարքին բարեբախտաբար հայեր չկան: Նշենք, որ Ժարամանա շրջանին մէջ բնակութիւն հաստատած են մօտ 400 հայ ընտանիքներ:

 

Share this Article
CATEGORIES