Հաղորդագրութիւն. Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» Թատրերգութեան Մրցանակաբաշխութիւն
Չորեքշաբթի, 17 յուլիս 2013-ին, Հայաստանի թատերական գործիչներու միութեան դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան «Լեւոն Շանթ» թատրերգութեան մրցանակաբաշխութեան արդիւնքներուն ամփոփումն ու մրցանակներու արժանացած թատերական ստեղծագործութիւններու հեղինակներու պարգեւատրման արարողութիւնը:
2013 տարեսկիզբին յայտարարուած «Լեւոն Շանթ» թատրերգութեան մրցանակաբաշխութիւնը ժամանակակից հայ թատրերգութիւնը խթանելու, գրական այդ սեռին մէջ ստեղծագործող նոր անուններ, թատրերգութեան ժամանակակից ուղղութիւններ բացայայտելու, հայ թատերարուեստի լաւագոյն աւանդութիւնները զարգացնելու նպատակը ունէր:
Մրցումին մասնակցած էին 51 հեղինակներ` Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն:
Առաջին մրցանակին արժանացաւ Գուրգէն Խանջեանի «Արտաւազդ-Շիդար» թատերական երկը:
Երկրորդ մրցանակին` Սամուէլ Խալաթեանի «Գնացքի երկու տոմս» թատերական երկը:
Երրորդ մրցանակին` Արմէն Ճգնաւորեանի «Այլաստուածային կատակ» թատերական երկը:
Խրախուսական մրցանակներ տրուեցան Հրաչ Բեգլարեանի «Ես, Մանուէլը, համակարգիչը», Յուշիկ Ղազարեանի (Սուրիա) «Վաճառականներ» թատերական երկերուն:
Մրցանակաբաշխութեան ներկայացուած 12 լաւագոյն թատերական երկերը պիտի հրատարակուին առանձին ժողովածուով, իսկ առաջին մրցանակին արժանացած երկը պիտի բեմադրուի Համազգայինի աջակցութեամբ:

