Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքի Մասնակիցները Հասան Արցախ

19-էն 22 յուլիս 2013, Համազգայինի ուսանողական հաւաքի ծրագիրը շարունակուեցաւ Երեւանի մէջ: Մասնակիցները այցելեցին Մատենադարան, Հայաստանի ամերիկեան համալսարան, «ԿրանտՍփոր» համալիր, Սարդարապատի յուշահամալիր ու ազգագրութեան թանգարան, Չարենցի կամար, Գառնիի տաճար եւ Գեղարդ:

Դիլիջանի մէջ ուսանողները այցելեցին Հաղարծին եկեղեցին, ապա ըմբոշխնեցին բնութեան պարզութեամբ ստեղծուած հրաշք վայրը` Պարզ լիճը, որմէ ետք խումբը մեկնեցաւ Սեւանայ լիճ, ուր ֆորումականները լողացին` հակառակ ցուրտ օդին:

Դասախօսութիւններու ծիրին մէջ Յուշամատեան կայքէջի գլխաւոր խմբագիր Վահէ Թաշճեան ուսանողներուն ծանօթացուց կայքէջը, որուն նպատակն է վերականգնել Օսմանեան կայսրութեան հայերու տեղական պատմութիւնն ու յիշողութիւնը:

«Ռիփաթ Արմինիա» հիմնադրամի տնօրէն Վարդան Մարաշլեան սպառիչ ձեւով հաւաքի մասնակիցներուն ներկայացուց հիմնադրամի նպատակները, գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ հայրենադարձութեան կարելիութիւնները: Ան ուսանողները մղեց ներդրում կատարելու հայրենիքին մէջ իրենց մասնագիտութեան ճամբով, միաժամանակ` վայելելու հայրենիքի բարիքները:

Տեղի ունեցաւ նաեւ դասախօսական զրոյց մը` «Ո՞վ է հայը» նիւթով: Զրոյցը վարեցին Կարօ Յովհաննէսեան եւ պատմագէտ ու օսմանագէտ Էլքը Հարթման: Զրուցավարները հակիրճ ձեւով ներկայացուցին իրենց կարծիքները նիւթին մասին, ապա խօսքը փոխանցեցին մասնակիցներուն, որոնք հերթաբար արտայայտուեցան ու փոխանցեցին տարբեր կարծիքներ: Կարօ Յովհաննէսեան շեշտը դրաւ ազգային գիտակցութեան ու մեր ժառանգութեամբ հպարտ ըլլալու կարեւորութեան վրայ եւ կատարեց ազգի սահմանումը, ապա ըսաւ. «Հայը ան է, որ Հայաստանը կ՛ընդունի իր միակ եւ վախճանական վայրը»: Իսկ Էլքը Հարթման ըսաւ, թէ հայերուս ինքնութիւնը միատեսակ չէ եւ հարց դրաւ, թէ ո՞վ կրնայ արժեւորել հայ ըլլալու հանգամանքը, եւ կոչ ուղղեց ներկաներուն ունենալու բաց եւ դրական մտայնութիւն եւ ոչ` ժխտական:

Մշակութային ձեռնարկներու ծիրին մէջ ֆորումականները ներկայ գտնուեցան «Բարեկամութիւն» պարի պետական համոյթի համերգին:

23 յուլիս 2013-ը Համազգայինի ուսանողական հաւաքի պատմութեան մէջ բացաւ նոր էջ մը` իր ծրագիրին մէջ ներառելով Արցախի այցելութիւնը: Մասնակիցները առաւօտեան ճամբայ ելան ու այցելեցին յաջորդաբար` Խոր Վիրապ, Պարոյր Սեւակի տուն-թանգարան եւ Նորավանք: Եւ վերջապէս ազատ Արցախը ողջունեց այցելուները:

Հաւաքի ամէնօրեայ լուրերուն հետեւելու եւ նկարները դիտելու համար այցելել www.hamazkayin.com կայքէջը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )