Աւելի Քան 70 ՀՄԸՄ-ական Մարզիկներ Մեկնեցան Հայաստան
Երէկ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ընտանիքէն աւելի քան 70 մարզիկներ Տուպայի ճամբով մեկնեցան Հայաստան` մասնակցելու համար ՀամաՀՄԸՄ-ական 9-րդ մարզախաղերուն:
Երեւան ուղղուողներուն շարքին էին ՀՄԸՄ-ի տղոց եւ աղջկանց պասքեթպոլի խումբերը, աթլեթի խումբը, թենիսի եւ ճատրակի խումբերը:
Յայտնենք, որ ՀամաՀՄԸՄ-ական 9-րդ մարզախաղերուն մասնակցող Լիբանանի պատուիրակութեան կ՛ընկերանան ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան երեք անդամներ` Յովսէփ Տիքիճեան, Վրէժ Թազեան եւ Յարութ Ալալաճեան:
CATEGORIES Մարզական


