Առանց Պարտութեան` Շիրակ Դուրս Մնաց «Չեմփիընզ Լիկ»-էն
Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Շիրակ երէկ Պելկրատի մէջ ճակատեցաւ Սերպիոյ ախոյեան Փարթիզան Պելկրատի դէմ: Խաղը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով եւ պատճառ դարձաւ, որ հայկական խումբը առանց պարտութիւն կրելու դուրս մնայ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի զտումի երկրորդ հանգրուանէն, որովհետեւ առաջին խաղը (Հայաստան) նոյնպէս աւարտեցաւ հաւասարութեամբ (1-1):
Այսպիսով, Փարթիզան անցաւ երրորդ հանգրուան եւ պիտի մրցի Պուլկարիոյ ախոյեան Լուտոքորեցի դէմ:
Նշենք, որ մրցումի երկրորդ կիսախաղին, Փարթիզանի պաշտպան Վոլքով կարմիր քարտ մը ստացաւ, որմէ ետք Շիրակ տիրապետեց խաղին, եւ բազմաթիւ առիթներ կորսնցնելէ ետք չյաջողեցաւ կոլ նշանակել:
CATEGORIES Մարզական